Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 52-րդ Օր։

«Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ. կեղծ լուրեր եւ խաղաղութեան լրագրութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 մայիսին կը նշուի Ընկերային հաղորդամիջոցներու 52-րդ Օրը որուն առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, անցեալ 24 Յունուարին, հրապարակած է պատգամ մը որուն մէջ լրագրողներու մասնագիտութիւնը որակած է «առաքելութիւն»։

 

«Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ. կեղծ լուրեր եւ խաղաղութեան լրագրութիւն» բնաբանով պատգամին  մէջ Սրբազան Հայրը կը վերլուծէ «կեղծ լուրերու» երեւոյթը։ Կեղծ լուրերու նպատակն է «խաբել եւ նոյնիսկ շահարկել ընթերցողը. ազդեցութիւն գործել քաղաքական որոշումներու վրայ եւ նպաստել տնտեսական հասոյթներու» կը գրէ Քահանայապետը հաստատելով թէ  «բոլորը կոչուած են դիմակայելու այս կեղծիքին», եւ շեշտը կը դնէ դաստիարակչական նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կʼօգնեն որ անհատները չվերածուին ապատեղեկատուութեան քարոզիչներու, այլ ըլլան դերակատարներ քօղազերծումի։

Առընչուելով Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին, Սրբազան Հայրը կեղծ լուրերու հիմը կը նկատէ «օձին տրամաբանութիւնը» ու «կեղծիքի ժահրին» հակաթոյնը կը նկատէ ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ անհատները, որոնք «ազատ ագահութենէ, պատրաստ են լսելու եւ անկեղծ երկխօսութեան մը վաստակին միջոցաւ՝ երեւան հանելու ճշմարտութիւնը»։

Լրագրողը «լուրերու պահապանն է», կը գրէ Սրբազան Պապը, աւելցնելով՝ թէ ան պարտականութիւնն ունի «լուրերու խելագարութեան մէջ եւ անակնկալներու յորձանքին մէջ յիշեցնել, թէ լուրի կենդրոնը ոչ թէ զանոնք հաղորդելու արագութիւնը եւ ունկնդիրներու վրայ թողած ազդեցութիւնն է, այլ անհատները»։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՛ուղղէ ի նպաստ «խաղաղութեան լրագրութեան»։ Լրագրութիւն մը՝ «առանց կեղծիքի, հակառակ կեղծիքի, յանկերգերու եւ ուռուցիկ տպաւորութիւններու եւ յայտարարութիւններու»։

Պատգամը աւարտած է աղօթքով ներշնչուած Ս. Ֆրանչիսկոսէն՝ «Օգնէ, որ ճանչնանք չարը, որ կը սպրդի հաղորդակցութեան մը մէջ՝ որ միութիւն չի կառուցեր։ Օգնէ, որ հոն, ուր կայ խելայուզութիւն՝ այնտեղ գործածենք զգաստութիւն, եւ ուր կայ կեղծիք՝ այնտեղ բերենք ճշմարտութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 10:05