Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ լրագրողներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ լրագրողներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «La Stampa» իտալական օրաթերթին:

Երբեք չի մոռնալ ողբերգական կացութիւնները, որոնց մասին ոչ մէկը կը խօսի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Շաբաթ, 12 մայիս 2018-ին, իտալական «La stampa» օրաթերթի կայքէջին նոր գծագրական տեսքինառիթով Ֆրնաչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց օրաթերթին խմբագրական կազմին որուն մէջ անհրաժեշտ նկատեց արհեստավարժ տեղեկատուութեան կարեւորութիւնը, արհեստավարժ լրագրողներուն դերակատարութիւնն ու որակաւոր լրագրութիւնը, որ ոչ միայն գիտէ յարգել մասնագիտական բարոյականութեան օրէնքները այլ գէտէ առաջարկել լաւ տեղեկատուութիւն միշտ յարգելով մարդու արժանապատուութիւնը :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա լաւ տեղեկատուութեան համար յորդորեց խուսափիլ մակերեսային ըլլալէ եւ շատախօսութիւններէ ինչպէս նաեւ չի բաւարարուիր լոկ լուսարձակի տակ գտնուող իրողութիւնները նկարագրելէ : Ան քաջալերեց երբեք չի մոռնալ ողբերգական կացութիւնները, որոնց մասին ոչ մէկը կը խօսի եւ չի յոգնիլ ազնուութեամբ եւ մարդկայնութեամբ պատմել մարդոց պատմութիւնները ՝ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով անպաշտպաններուն,յետիններուն- մեկուսացեալներուն եւ բորոր անոնց որոնք իշխանութենէ զուրկ են:

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց մաղթելով La stampa օրաթերթին եւ Vatican Insider՝ կայքէջին որ՝ La stampa օրաթերթի կրօնային յատուկ բաժանմունքի կայքէջն է , միշտ իրենց ընթերցողներուն շնորհել «պատշաճ տեղեկատուութիւն եւ տեղեկատուութիւն մը որ լաւ ըլլայ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 13:03