Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ ամիսներուն գլխաւորելիք ծիսակատարութիւնները։

Օգոստոս ամսուայ վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Պերլին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրակարգը։

Յառաջիկայ կիրակի՝ 3 Յունիս 2018-ին, Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Օսթիայի Սանթա Մոնիքա Եկեղեցին ուր՝ այնտեղ մատուցած Սուրբ Պատարագէն ետք  պիտի գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնի թափօրը, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը՝ Պոնարիայի Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած Եկեղեցւոյ առջեւ։

21 Յունիս 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը համամիութենական ուխտագնացութեան միօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Ճենովա, իսկ 28 Յունիսի յետմիջօրէի 4-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Նոր Կարդինալներու տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը ու յաջորդ օրը՝ 29 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը նախագահէ Սուրբ պատարագի զոհին, որուն առթիւ տեղի կ՛ունենայ նաեւ Պալիումի օրհնութիւնն ու յանձնումը՝ նոր Արքեպիսկոպոսներուն։

7 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ  Պարի քաղաքը, ուր պիտի գլխաւորէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքի  հաւաքը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Օգոստոս ամսուայ վերջաւորութեան ՝ 25 եւ 26 օգոստոսին Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Պերլին ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քաղաքին մէջ նախատեսուած Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2018, 10:46