Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը աղօթեց անոնց համար, որոնք համաճարակի ժամանակ մեռելներու թաղումով կը զբաղին։

Աղօթենք անոնց համար՝ որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն ու կարող են վարակուիլ։

Շաբաթ 16 մայիսին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին սկիզբը հրաւիրեց աղօթել անոնց համար որոնք համաճարակի այս ժամանակաշրջանին կը զբաղին մեռելներու թաղումներով։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր, ըսաւ Ան, աղօթենք այն անձերուն համար որոնք կը զբաղին մեռելներու թաղումով, այս համաճարակի ընթացքին։ Ողորմութեան գործերէն մին է մեռելները թաղելը, թէեւ՝ բնականաբար, հաճելի բան մը չէ։ Աղօթենք անոնց համար՝ որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն ու կարող են վարակուիլ»։

Քարոզ

Ֆրանչիսկոս Պապին, Սուրբ Պատարագի ընթացին ներկայացուցած քարոզին առանցքը եղաւ աշխարհի հոգին։ Ան մեկնաբանեց օրուան աւետարանը՝ քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն ուր գրուած է . «Եթէ աշխարհը ձեզ կ՝ատէ, գիտցէք որ ձեզմէ առաջ՝ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն ըլլայիք՝ աշխարհ անշուշտ իրենները պիտի սիրէր. Բայց որովհետեւ այս աշխարհէն չէք, այլ ես ընտրեց եւ հանեցի ձեզ աշխարհէն՝ անոր համար աշխարհ ձեց կ՝ատէ։ (Յովհ. 15, 18-21)։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ Յիսուս շատ անգամ կը խօսի աշխարհի մասին, կը խօսի իրեն եւ աշակերտներուն դէմ ատելութեան մասին եւ Հօր Աստուծոյ կ՝աղօթէ՝ իր աշակերտները աշխարհի հոգիէն պաշտպանելու համար եւ ոչ աշխարհէն դուրս հանելու համար։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ աշխարհի հոգ կարող է ատել ու կործանել Յիսուսն ու առաքեալները, ինչպէս նաեւ կարող է փճացնել եկեղեցին։ Աշխարհի հոգին կեանքի առաջարկ մըն է, վաղանցուկ մշակոյթ մըն է ,  երեւելու մշակոյթ մը որ չճանչնար հաւատարմութիւն, ունի մակերեսային արժէքներ, որ գիտէ բանակցի որեւէ կացութեան հետ։

Յիսուս կ՝աղօթէ, որպէսզի Աստուած պաշտպանէ մեզ այս աշխարհիկ մշակոյթէն։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Պապը , ան ապա այլ օրինակ թուեց  Յիսուսի սերմի առակէն. եթէ սերմը հողին մէջ չ՝իյնայ եւ գետին իյնայ, աշխարհի մտահոգութիւնները՝ աշխարհիկութիւնը պիտի խեղդեն զայն եւ պտուղ պիտի չտայ։

«Աշխարհիկութիւնը ունի խորունկ արմատներ, ան կը փոխուի եղելութեան համաձայն, սակայն  իր էութիւնը միշտ նոյնը կը մնայ, կեանքի առաջարկ մըն է ,որ կը ներթափանցէ  նաեւ եկեղեցւոյ մէջ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ան  ապա յիշելով Պօղոս առաքեալի խօսքը,  նկատել տուաւ,  որ աշխարհիկութիւնը  մէկ բան չի կրնար հանդուրժել, ան ալ խաչի գայթակղութիւնն է։  Աշխարհիկութեան հոգիին դէմ միակ դեղը խաչեալ, Յարուցեալ քրիստոսն է։ ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա  եզրափակեց քարոզը, հայցելով Սուրբ Հոգիէն, որ մեզի պարգեւէ զատորոշումի շնորհքը՝ հասկնալ կարենալու համար, թէ ինչ է  աշխարհիկութիւնը եւ ինչ է աւետարանը , եւ մենք մեզի թոյլ չտանք,  որ խաբուինք,   «որովհետեւ աշխարհը մեզ կ՝ատէ, աշխարհը ատեց Յիսուսը, եւ Յիսուս աղօթեց, որ Աստուած պաշտպանէ մեզ աշխարհի հոգիէն։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2020, 07:19
Կարդալ բոլորը >