Որոնել

Սանթա Մարթայի մէջ Սուրբ Պատարագ Սանթա Մարթայի մէջ Սուրբ Պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Սատանան նախանձէ մղուած կ՝ուզէ եկեղեցին կործանել դրամի եւ իշխանութեան միջոցաւ։»

Աղօթենք Վինչենցիան քոյրերուն համար որոնք յառաջ կը տանին այս բուժարանը, այս հիւանդանոցը, 100 տարիէ ի վեր:

Վատիկան Նիուզ

Այսօր՝ Շաբաթ 9 մայիս 2020-ին, կը յիշատակուի Սրբուհի Լուիզա Մարիլլաքի ծիսական տօնը, որ հիմնադիրը եղած է Գթութեան Դուստրեր միաբանութեան, որ մաս կը կազմէ Վինչենցեան ընտանիքին։

Ունկնդրէ լուրը

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը Ֆըանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշելով սրբուհիին տօնը հրաւիրեց աղօթել Վինչենցիան միաբանութեան քոյրերուն համար, որոնք կը բնակին Սանթա Մարթայի մէջ եւ յառաջ կը տանին Վատիկանի Սանթա Մարթա՝ աղքատներուն յատկացուած մանկաբուժարանը

Այսօր, ըսաւ Քահանայապետը, Սրբուհի Լուիզա Տի Մարիլլաքին ծիսական տօնն է։ Աղօթենք Վինչենցիան քոյրերուն համար, որոնք յառաջ կը տանին այս բուժարանը, այս հիւանդանոցը,  100 տարիէ ի վեր, եւ կ՛աշխատին Սանթա Մարթայի հիւանդանոցին մէջ։ Տէրը օրհնէ մայրապետները։

Քարոզ

Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց գործ առաքելոց գիրքէն քաղուած հատուածը « Իսկ հրեաները երբ տեսան այն բազմութիւնը, նախանձով լեցուեցան ու Պօղոսի ըսածներուն դէմ կը խօսէին՝ հակառակելով ու հայհոյութիւն ընելով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Անտիոքի մէջ ժողովուրդը հաւաքուած կ՝ունկնդրէին  Սուրբ Պօղոսի խօսքերը։ Սուրբ Պօղոսն ու առաքեալները ,Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ կը քարոզէին։ Հրեաները երբ տեսան ամբոխին մեծ թիւը  նախանձութեամբ լեցուեցան  եւ սկսան Պօղոսի դէմ հակառակ խօսիլ։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ , որ մէկ կողմէ Տէրը ներկայ է, Սուրբ հոգին ներկայ է, որ եկեղեցին կ՝աճեցնէ, եւ միւս կողմէ կայ գէշ հոգի մը, որ կ՝ուզէ եկեղեցին կործանել։

Անտիոքի մէջ եւ այլուր նոյնը պատահեցաւ։ Քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնները տառապանքով ու յոգնութեամբ յառաջ գացին, տեղի ունեցան հալածանքներ եւ ունեցանք բազմաթիւ մարտիրոսներ եւ միւս կողմէգէշ հոգին ամէն բան կ՝ուզէր կործանել։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ սատանան աւետարանի պատգամը կործանելու համար կ՝օգտագործէ նախանձի գործիքը։ Նախանձի հետեւանքով սատանան մուտք գործեց աշխարհի մէջ։

Հրեաները տեսնելով առաքեալներուն քարոզչութիւնը նախանձով լեցուեցան։ Անոնց բարկութիւնը սատանային բարկութիւն է,  սատանան, որ կ՝ուզէ ամէն ինչ կործանել, եւ այդ բարկութեան պատճառով է, որ ուզեցին Յիսուսի խաչել։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ եկեղեցին յառաջ կ՝երթայ Աստուծոյ մխիթարութիւններուն եւ աշխարհի հալածանքներու միջեւ։ Եթէ եկեղեցի մը դժուարութիւններէ զուրկ է եւ սատանան հանդարտ է, կը նշանակէ է որ սխալ բան մը կայ։  

Սուրբ Հոգին է որ եկեղեցին համերաշխ կը պահէ, եւ գէշ հոգին ամին ինչ կը կործանէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ նախանձի ամենէն մեծ պատճառներէն մին է  ժամանակաւոր իշխանութիւնը որուն ետին կայ  դրամը։

Քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւններուն մէջ այսպէս պատահեցաւ։ Սուրբ հոգիին զօրութեամբ եկեղեցին կ՝աճէր միւս կողմէ դրամի զօրութեամբ կ՝ուզէին կործանել զայն։

Յիսուսի յարութեան առաւօտուն, պահակները քահանաներուն մօտ գացին եւ դրամի համար ճշմարտութիւնը վաճառեցին։ Յիսուսի յարութեան օրը,դաւաճանութեամբ ուզեցին լռեցնել Քրիստոսի խօսքը, յարութեան յաղթանակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  եզրափակեց քարոզը զգուշացնելով  ժամանակաւոր իշխանութեան փորձութեան ենթարկուելէ ու յորդորորելով մեր վստահութիւնը դնենլ Յիսուսի վրայ, որ Սուրբ Հոգին ղրկեց եկեղեցին աճեցնելու համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2020, 07:21
Կարդալ բոլորը >