Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց որպէսզի Աստուած օգնէ լրատուամիջոցներու մարզի աշխատաւորներուն գործելու միշտ ճշմարտութեան ծառայութեամբ։

Յիսուս եկաւ աշխարհ ոչ թէ դատապարտելու համար, պէտք է թոյլ տանք որ Ան լուսաւորէ մեր խաւար օրերը։

Չորեքշաբթի, 6 մայիս 2020-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ պատարագին սկիզբը Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել լրատուամիջոցներու գործիչներուն համար։

«Այսօր աղօթենք այն այրերուն եւ կիներուն համար, որոնք կ՛աշխատին հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ։ Համաճարակի այս ժամանակաշրջանին անոնք ենթակայ են վտանգի եւ գործը շատ է։ Թող որ Տէրը օգնէ զանոնք այս իրենց գործին մէջ, հաղորդելու մշտապէս, ճշմարտութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով Սուրբ Զոհին։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն։

«Յիսուս կ՝ըսէր, Ես իբրեւ լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ո՛վ որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ։ Եթէ մէկը լսէ խօսքերս ու չպահէ զանոնք, ես չեմ դատեր զինքը, որովհետեւ աշխարհը դատելու չեկայ, ալյ փրկելու աշխարհը։ Ո՛վ որ կ՝անարգէ զիս եւ չ՝ընդունիր խօսքերս՝ կա՛յ մէկը որ զանիկա կը դատէ. խօսքը՝ զոր ես խօսեցայ,ա՛ն պիտի դատէ զինքը վերջին օրը։
(Յովհ. 12,44-50)

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Յիսուսի առաքելութիւնը լուսաւորել է։ Ան է աշխարհի լոյսը։ Նաեւ աշակերտներու առաքելութիւնը այդ լոյսը փոխանցելն է՝ Յիսուսի լոյսը, որովհետեւ աշխարհը խաւարի մէջ է։

Այս է ողբերգութիւնը, Յիսուսի լոյսը մերժուեցաւ։ Սիրեցին ու նախընտրեցին խաւարը՝ քան լոյսը, խաւարի ստրուկները դառնալով։ Լոյսը ցոյց կայ իրականութիւնը այնպէս ինչպէս որ է,  լոյսը ճշմարտութիւնը ցոյց կու տայ։
Սուրբ Պօղոս խաւարէն դէպի լոյս անցքի փորձառութիւնը ունեցաւ։ Այդ անցքն է,  որուն կանչուած ենք բոլորս։

Յիսուս լոյս պարգեւեց, սակայն իր ժողովուրդը զայն մերժեց։ Սա է մեր մեղքինողբերգութիւնը, մեղքը կը վառի եւ չենք հանդուրժեր լոյսը։ Մեր աչքերը հիւանդացած են։

Դարձի գալը կը կայանայ խաւարէն դէպի լոյս անցնելու մէջ։ Մեզ կոյրցող բաները են. մոլութիւնները, աշխարհիկ հոգին, ամբարտաւանութիւնը։ Այս բոլորը պատճառ կը դառնան խաւարի մէջ մնալու։ Դիւրին չէ լոյսի մէջ ապրիլը, որովհետեւ կը տեսնենք բաներ, որոնք կը մերժենք եւ չենք ուզեր տեսնել։

Յիսուս աշխարհ եկաւ, ոչ թէ դատապարտելու համար.  պէտք է թոյլ տանք որ Ան լուսաւորէ մեր խաւար օրերը։ Ըսաւ ֆրանչիկոս Պապ, Ան ապա եզրափակեց քարոզը ըսելով, «Տէրը մեզ կը փրկէ, սակայն Ան մեզմէ կը խնդրէ մեր խաւար իրողութիւնները տեսնել։ Տէրը բարի  եւ քաղցր է  պէտք չէ վախենալ Յիսուսի լոյսէն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2020, 07:29
Կարդալ բոլորը >