Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աստուած իր Փառքին մէջ ընկալէ համաճարակին զոհերը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ երեքշաբթի 5 մայիսին մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել համաճարակի զոհերուն համար։

Սուրբ Զատկուայ չորրորդ շաբաթուայ երեքշաբթի օրը՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, Նորին Սրբութեան մտածումը նուիրուած էր անոնց որոնք մահացան քորոնաժահրի պատճառաւ։

Ունկնդրէ լուռը

«Այսօր աղօթենք ննջեցեալներուն համար, որոնք մահացան համաճարակին պատճառաւ։ Անոնք մեռան առանձին, առանց իրենց սիրելիներուն շոյանքին, անոնցմէ շատերը այդպէս մեռան եւ նոյնիսկ առանց թաղման կարգին։ Տէրը զանոնք ընկալէ իր Փառքին մէջ», ըսաւ Քահանայապպետը սկիզբ տալով սուրբ պատարագին։

Քարոզ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն։

«Հրեաները Յիսուսի շուրջ հաւաքուեցան եւ ըսին, Մինչեւ երբ պիտի տանջես մեր հոգին. Եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ ըսէ՛ մեզի յայտնէ։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. Ըսի ձեզի ու դուք չէք հաւատար ինծի. գործերս՝ զորս ես կը կատարեմ Հօրս անունով՝ անոնք կը վկայեն ինծի համար։ Բայց դուք չէք հաւատար, վասնզի իմ ոչխարներէս չէք։» (Յովհ.10,22-30)։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Յիսուս կասկած կը յարուցանէ մեր մէջ։ Արդեօ՞ք ես կը հաւատամ։ Արդեօ՞ք ինչ բան է որ զիս կը կասեցնէ դրան դիմաց, որ է Յիսուսը։  Արդեօք կա՞ն հակակրանքներ՝ Յիսուսը լաւ ճանչնալու համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ Յիսուս ճանչնալու գործընթացին առաջին արգելք հանդիսացող ու հակակրանքն է հարստութիւնը, նշելով թէ  Յիսուս շատ խիստ է հարստութիւններու նկատմամբ։ հարստութիւնը   արգելք կը հանդիսանայ յառաջ երթալու։Ան  յորդորեց հարստութեան ստրուկներ չդառնալ։

Յիսուսը լաւ ճանչնալու արգելք է նաեւ  սրտի կարծրութիւնը։ Օրէնքները կարծրութեամբ մեկնաբանելը , դա  հաւատարմութիւն չէ։ Հաւատարմութիւնը պարգեւ մըն է, մինչ՝ կարծրութիւնը մեր անձին  հանդէպ ինքնավստահութիւնն է  ։ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ կարծրութիւնը մեզ կը հեռացնէ իմաստութենէն եւ Յիսուսի գեղեցկութենէ եւ մեզմէ կը խլէ ազատութիւնը։

ֆրանչիսկոս Պապ նշեց այլ արգելք մը ծուլութիւնը, զայն նկատելով յոգնութիւն, որ մեզմէ կը խլէ կամքը յառաջ երթալու՝ մենք մեզ քաջ զգալով։

Յիսուսը լաւ ճանչնալու արգելքներէն է կղերապաշտութիւնը, որ ինքզինք Յիսուսի տեղ կը դասէ։ Կղերապաշտութիւնը քէշ հիւանդութիւն մըն է, որ հաւատացեալներու արգելք կը դառնայ Դէպի Յիսուսը երթալու։ Արգելք է նաեւ   աշխարիկութեան հոգին, ազատութեան պակասութիւնը։ « չէ կարելի Յիսուսի հետեւիլ առանց ազատութեան։ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա եզրափակեց քարոզը յորդորելով հեռու մնալ վերոնշեալ կեցուածքներէն, որոնք արգելք կը հանդիսանան  դէպի Յիսուսը երթալու եւ  Անոր հօտին ոչխար ըլլալու։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2020, 07:23
Կարդալ բոլորը >