Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց իրենց կեանքը նուիրող քահանաներուն ու բժիշկներուն համար։

Բարի Հովիւի կիրակիին օրը Քահանայապետին մտածումն ու աղօթքը ուղղուեցան այն բազմաթիւ քահանաներուն եւ բժիշկներուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, համաճարակի այս ժամանակաշրաջնին, խնամք տանելով մարդոց։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Կիրակի 3 մայիս 2020ը, Լատինաց մօտ Բարի Հովիւի Կիրակին է ու նաեւ Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օր։

Քահանայապետը 50րդ օրը ըլլալով ուղիղ  եթերով սուրբ պատարագը մատոյց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն։ Արդարեւ ուղիղ եթերով առաջին պատարագը սփռուած էր անցեալ 9 մարտին, որպէս, համաճարակի այս օրերուն, Քահանայապետին Աստուծոյ ժողովուրդին մօտիկութեան նշան։

Այսօրուայ Սուրբ պատարագին սկիզբը Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց յատուկէն աղօթել Քահանաներուն եւ Բժիշկներուն համար ըսելով. Մեր Տիրոջ Յարութենէն երեք շաբաթներ ետք, Եկեղեցին այսօր, Զատկուայ չորրորդդ շաբթուայ ընթացքին, կը տօնախմբէ Բարի Հովիւը՝ Յիսուս Բարի Հովիւ։ Այս մէկը ինծի մտաբերել կու տայ աշխարհի մէջ այն բազմաթիւ հովիւները՝ որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն հաւատացեալներոուն համար, ու նաեւ այս համաճարակի ընթացքին անոնք բազմաթիւ են, Իտալիոյ մէջ 100է աւելի Հովիւներ մահացան։

Կը մտածեմ նաեւ այլ Հովիւներու՝ որոնք կը խնամեն մարդկանց բարիքը, բժիշկները։ Կը խօսուի անոնց մասին, իրենց կատարած գործի մասին, սակայն պէտք է նաեւ նկատի առնել որ միայն Իտալիոյ մէջ 154 բժիշկներ մահացան, իրենց ծառայութիւնը մատուցելու ժամանակ։

Թող որ այս քահանայ ու բժիշկ հովիւներուն  օրինակը, մեզի օգնէ խնամք տանելու Աստուծոյ Սուրբ, հաւատարիմ Ժողովուրդին։

Քարոզը

Սրբազան Քահանայապետը ապա Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, քաղուած՝ Սուրբ Պետրոսի առաջին նամակէն (Գլ, 2, 20-25) ուր առաքեալը կը հաստատէ թէ Յիսուսի վէրքերուն շնորհիւ մենք բուժուեցանք ու թէ ոչխարներու նման թափառական էինք սակայն այժմ վերադարձանք հոգիներու հովիւին ու պահապանին։ Յիսուս Հովիւն է որ եկաւ փրկելու թափառական ոչխարները։

Օրուան Աւետարանը հուսկ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ 10, 1-10) ուր կը խօսուի նեղ դռան մասին որուն ընդմէջէն է որ կ՛անցնի հօտը ու բոլոր անոնք որոնք այն դռնէն չեն անցնիր գող են եւ աւազակ։

«Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւս կան սուտ հովիւներ, որոնք չարաշահեցին հօտը, որոնք կը ձգտին դրամին ու յաջողութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հօտը սակայն կը ճանչնայ զանոնք ու կը փնտռէ զԱստուած։  Բարի Հովիւը մտիկ կ՛ընէ հօտի ձայնին, կ՛առաջնորդէ զայն,խնամք կը տանի անոր ու հօտը գիտէ զանազանել հովիւները ու կը վստահի միայն բարի հովիւին՝ որ է Յիսուս։

Միայն Յիսուսին նմանող Հովիւն է որ վստահութիւն կու տայ հօտին. Յիսուսին ապրելակերպը պէտք է ըլլայ բարի Հովիւին ապրելակերպը։ Բարի Հովիւը խոնարհ է քնքուշ, մօտիկութեան քնքշութիւնն ունի իր մէջ, կը ճանչնայ ոչխարները, ամէն մին իր անունով ու իւրաքանչիւր ոչխարին հոգ կը տանի՝ կարծես թէ ըլլար միակը։

Բարի Հովիւը՝ Յիսուս, մեզի կ՛ընկերանայ կեանքի ուղեւորութեան մէջ։ Յիսուս կը պահպանէ Եկեղեցին։ Այս կիրակին գեղեցիկ կիրակի է, անդորրութեան եւ քնքշութեան կիրակի, որովհետեւ բարի Հովիւը մեզի  հոգ կը տանի, այնպէս ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսերգուն «Տէրը իմ Հովիւս է եւ ինծի ոչ մէկ բան կը պակսի» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2020, 07:28
Կարդալ բոլորը >