Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց անոնց համար որոնք իրենց աշխատանքը կորսնցուցին։

Աղօթենք այս մեր եբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք կը տառապին աշխատանքի պակասէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Երկուշաբթի 11 մայիս 2020-ին, առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը, Սրբազան Քահանայապետը յիշեց անոնք որոնք համաճարակի բերումով կորսնցուցին իրենց աշխատանքը խնդրելով որ աղօթենք անոնց համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Կը միանանք Թերմոլի քաղաքի հաւատացեալներուն, Սուրբ Տիմոթէոս  մարմին յայտնաբերումի տօնին օրուայ առթիւ։ Այս օրերուն բազմաթիւ մարդիկ իրենց աշխատանքը կորսնցուցին, անոնք դարձեալ չընկալուեցան իրենց գործատեղերուն մէջ, սեւ աշխատանք կը կատարէին…աղօթենք այս մեր եբայրներուն  եւ քոյրերուն համար, որոնք կը տառապին աշխատանքի պակասէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով սուրբ Զոհին. 

Քարոզ

Մինչ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն.

«Ով որ իմ պատուիրաններս գիտէ եւ կը պահէ զանոնք՝ անիկա է որ կը սիրէ զիս.եւ ով որ կը սիրէ զիս՝ պիտի սիրուի իմ Հօրմէս. Ես ալ պիտի սիրեմ զանիկա եւ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր։ Եթէ մէկը զիս սիրէ՝ իմ խօսքս պիտի պահէ, եւ Հայրս պիտի սիրէ զինքը եւ անոր քով պիտի գանք ու պիտի օթեւանենք անոր մօտ։ Եւ ով որ զիս չի սիրեր՝ խօսքերս չի պահեր. Եւ խօսքը՝ զոր դուք կը լսէք ինծմէ՝ իմս չէ այք՝ հօրը, որ զիս ղրկեց։ Այս բաները խօսեցայ ձեզի քանի տակաւին ձեր քով եմ. Իսկ Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ բոլոր ըսածներս։ » ( Յովհ, 14, 21-26)

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Հոգիին վրայ նշեց, թէ Սուրբ Հոգին է, որ մեր մէջ կը բնակի, զոր Հայրն ու Որդին ուղարկեցին՝ մեր կեանքին մէջ ընկերանալու համար։ Սուրբ Հոգին մեզի թիկունք կը կանգնի՝ ամուր մնալու համար։ Տէրը այդ զօրակցութիւնը խոստացաւ մեզի։ Սուրբ Հոգին մեզի կը սորվեցնէ հասկնալ խորհուրդը, Յիսուսի վարդապետութիւնը  եւ ապրիլ մեր հաւատքը առանց սխալելու։

Սուրբ Հոգին մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքերը, կը յիշեցնէ Փրկութեան յիշատակը, կեանքի ուղեւորութեան յիշատակը։
Սուրբ Հոգին մեզ կ՝առաջնորդէ զատորոշելու՝  սխալ եւ ճշմարիտ ուղիներու միջեւ։ Մեզի կ՝օգնէ որոշումներ առնելու մէջ՝ ամէն օր։ Վերջապէս Սուրբ Հոգին մեզ կը ներմուծէ խորհուրդին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հաստատելով, որ Սուրբ Հոգին Աստուծոյ պարգեւն է։ Ան ապա յիշեց  Յիսուսի խօսքը,  «ձեզի մինակ պիտի չթողում, Սուրբ Հոգին  պիտի ղրկեմ։» Թող Տէրը մեզի օգնէ պահպանելու այս պարգեւը, զոր ստացանք  Սուրբ Մկրտութեամբ։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2020, 07:19
Կարդալ բոլորը >