Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը աղօթեց արուեստագէտներուն համար. Առանց գեղեցկութեան ՝ Աւետարանը չէ կարելի հասկնալ

Կ՛ուզեմ Տիրոջմէ հայցել որ զանոնք օրհնէ, որովհետեւ արուեստագէտները մեզի հասկցնել տուին թէ ի՞նչ է գեղեցկութիւնը ու թէ առանց գեղեցկութեան կարելի չէ հասկնալ Աւետարանը։

Հինգշաբթի , 7 մայիս 2020ի, առաւօտեան ժամը 7-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած պատարագին սկիզբը հրաւիրեց դարձեալ աղօթել արուեստագէտներուն համար։

«Երէկ,  ըսաւ Ան, ստացայ արուեստագէտներու խումբի մը նամակը: Անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնէին իրենց համար կատարած մեր աղօթքին համար։ Կ՛ուզեմ Տիրոջմէ հայցել որ զանոնք օրհնէ, որովհետեւ արուեստագէտները մեզի հասկցնել տուին թէ ի՞նչ է գեղեցկութիւնը եւ առանց գեղեցկութեան կարելի չէ հասկնալ Աւետարանը։ Անգամ  մը եւս աղօթենք արուեստագէտներուն  համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզ

Սուրբ Պատարագի ընթացքին փոխանցած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Գործ Առաքելոց գիրքէն։ « Պօղոս Առաքեալը Պիսիդիայի Անտիոք գնաց եւ հոն տաճարին մէջ խօսեցաւ Իսրայէլի ժողովուրի պատմութեան մասին հռչակելով , որ Յիսուս սպասուած փրկիչն է։» Գործ Առաքելոց (13, 13-25)։

Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Սուրբ Պօղոս, նոր վարդապետութիւնը բացատրելու ժամանակ կը խօսի փրկութեան պատմութեան մասին։ Յիսուսի ետեւը շնորհքի, ընտրութեան եւ խոստումներու  պատմութիւն մը կայ,  Աստուած իր ժողովուրդին հետ պատմութիւն մը։  Սուրբ Պօղոս չ՝սկսիր Յիսուսէն այլ կը սկսի պատմութենէն։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ, քրիստոնէութիւնը լոկ վարդապետութիւն մը չէ, այլ պատմութիւն մը ,որ կ՝առաջնորդէ այդ վարդապետութեան։ Քրիստոնէութիւնը լոկ բարոյականութիւն չէ,  ան ունի բարոյական սկզբունքներ, սակայն այս  չնշանակեր, թէ քրիստոնեաներ կը դառնանք՝  լոկ բարոյական տեսլականութեամբ։

Քրիստոնեաները ընտրանի անձերու խումբ մը չէ՝ ընտրուած ճշմարտութեան  մը համար։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ պատկանիլ ժողովուրդի մը, զոր Աստուած  անշահախնդրութեամբ ընտրեց։

Երբ մենք չ՝ունենանք ժողովուրդի մը պատկանելիութեան գիտակցութիւնը կը  դառնանք գաղափարաբանական քրիստոնեաներ, ընտրանի խումբի պատկանող քրիստոնեաներ, հաւատալով, որ ուրիշները մէկդի դրուած եւ դժոխքի արժանի անձեր են։
Մենք մեզի ընտրանի անձեր կարծելու փորձութիւնը, վնասակար է ու կորսնցնել կու տայ Աստուծոյ հաւատարիմ Սուրբ Ժողովուրդի պատկանելիութեան իմաստը։ Գիտակցութիւնը,  որ ժողովուրդ մըն ենք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, թէ պէտք է գիտնալ փոխանցել մեր փրկութեան պատմութիւնը եւ ժողովուրդի մը յիշատակը։ Ժողովուրդի մը պատկանելիութեան յիշատակի պակասը, քրիստոնեաներուս համար մեծ վտանգ մըն է որմէ կը յառաջանայ ընտրանի խումբերու շարժումներ։ Ըսաւ Նորին Սրութիւնը, Ան ապա  եզրափակեց քարոզը հայցելով Տիրոջմէ, որ բոլորիս պարգեւէ Աստուծոյ հաւատարիմ Սուրբ Ժողովուրդի գիտակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2020, 07:38
Կարդալ բոլորը >