Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

«Աղօթենք՝ հերոսութեան տիպար հիւանդապահ հիւանդապահուհիներուն համար». Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր աղօթենք հիւանդապահ հիւանդապահուհիներուն համար, այրեր, կիներ, երիտասարդ. երիտասարդուհիներ, որոնք այս մասնագիտութիւնը ունին, ան մասնագիտութենէ աւելի կոչում է, նուիրում է։

Վատիկան Նիուզ

«Այսօր հիւանդապահներու նուիրուած  oրն է։ Երէկ պատգամ մը յղեցի։ Այսօր աղօթենք հիւանդապահ հիւանդապահուհիներուն համար, այրեր, կիներ, երիտասարդ. երիտասարդուհիներ, որոնք այս մասնագիտութիւնը ունին, ան մասնագիտութենէ աւելի կոչում է, նուիրում է։ Թող որ Տէրը օրհնէ զանոնք։ Համաճարակի այս ժամանակաշրջանին անոնք հերոսութեան տիպար դարձան եւ անոնցմէ ոմանք իրենց կեանքը զոհեցին։ Աղօթենք հիւանդապահներու եւ հիւանդապահուհիներուն համար»։

Այս եղաւ երեքշաբթի 12 մայիսին Քահանայապետին աղօթքի հրաւէրը՝ զոր Ան ուղղեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ առաւօտեան 7-ին մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ պատարագին սկիզբը։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզ

Մինչ՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանէն քաղուած հատուածը .« Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ո՛չ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ կու տամ ես ձեզի։ (Յովհ. 14,27-31)։
Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, Տէրը նախ քան իր մեկնիլը ողջունեց առաքեալները անոնց տալով խաղաղութեան պարգեւը, տիրոջ խաղաղութիւնը։ Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը սիրտի, հոգիի խաղաղութիւն է , այն խաղաղութիւնը, որ իւրաքանչիւր անձ կը փափաքի ունենալ իր սրտին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց թէ Տիրոջ պարգեւած խաղաղութիւնը, աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է ։ Աշխարհի տուած  խաղաղութիւնը, քու անձդ հանդարտեցնող խաղաղութիւն է, որ քեզ քիչ մը երջանիկ կը դարձնէ, քեզ քնացնելով։ Աշխարհի խաղաղութիւնը քիչ մը անձնասէր խաղաղութիւն է ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով այս է աշխարհի խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւն մը, որ թանկ է, որովհետեւ մշտապէս պիտի փոխես խաղաղութեան միջոցները, գործիքները։

Մինչ՝ Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը ուրիշ բան մըն է ։Խաղաղութիւն մըն է, որ քեզ շարժումի մէջ կը դնէ, քեզ չկղզիացներ,  այլ հասարակութիւն եւ հաղորդութիւն կը ստեղծէ։ Յիսուսի տուած խաղաղութիւնը անվճար ու բերրի խաղաղութիւն է  ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով,  որ Յիսուսի պարգեւած խաղաղութիւնը անմիջական է,  մեր  առջեւ  յաւիտենականութեան, դրախտի դուռերը բացող խաղաղութիւն է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց մեր ներսդին նայիլ , տեսնելու համար, թէ որն է մեր խաղաղութիւնը։ Արդեօ՞ք այդ խաղաղութիւնը ունեցուածքի, հարստութեան խաղաղութիւն է ։ Արդեօ՞ք պիտի վճարեմ ունենալու համար այդ խաղաղութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց,թէ երէկ՝ նամակ մը ստացած է բարի վարդապետէ մը, որուն մէջ վարդապետը խնդրած է իրմէ, որ  քիչ մը աւելիով խօսի դրախտի մասին։  Իրաւունք տալով վարդապետին, «ասոր համար այսօր ուզեցի  ընդգծել, որ խաղաղութիւնը զոր կու տայ Յիսուս, ներկայի եւ ապագայի համար խաղաղութիւն է ՝ Երկինքը ապրելու համար։ ըսաւ սրբազան Հայրը ան ապա եզրափակեց քարոզը ըսելով.

«Թող Տէրը բոլորիս շնորհէ,  յոյսով լի խաղաղութիւն մը,  որ մեզ բերրի կը դարձնէ ու հաղորդակից կ՝ընէ ուրիշներուն հետ, եւ հասարակութիւն կը ստեղծէ ու  կը նայի դրախտի վերջնական խաղաղութեան։»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 07:15
Կարդալ բոլորը >