Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Քահանայապետը աղօթեց Եւրոպայի եղբայրական միութեան համար։

Աղօթենք որպէսզի Եւրոպան կարողանայ իրականացնել եղբայրական միութիւնը որ երազած էին Եւրոպական Միութեան հիմնադիր հայրերը»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մարտան մէջ գլխաւորած 22 ապրիլ 2020ի Սուրբ Պատարագը նուիրեց Եւրոպայի միութեան դիտաւորութեան։

«Այս ժամանակահատուածին, ուր կարիքը կայ միութեան՝միութիւն մեր միջեւ, ազգերու միջեւ, աղօթենք Եւրոպային համար, որպէսզի Եւրոպան կարողանայ այդ միութիւնը իրականացնել, այդ եղբայրական միութիւնը, որ երազած էին Եւրոպական Միութեան հիմնադիր հայրերը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Քարոզ

«Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը։ Վասնզի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ՝ որ աշխարհը դատէ, այլ՝ որպէսզի անով փրկուի աշխարհը։ Եւ այս է դատաստանը հաստատեց Յիսուս. Լոյսը աշխարհ եկաւ, եւ մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին՝ քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին։  ( Յովհ 3, 16-21)։» 

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի ընթազքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան վերոնշեալ աւետարանի տողերը ըսաւ.

«Յովհաննէսի աւետարանի այս հատուածը ամէն անգամ, որ կարդանք միշտ նոր բաներ կը գտնենք Աստուծոյ յայտնութեան մասին։ Աստուծոյ սիրոյ յայտնութիւնը։ Աստուած մեզ սիրեց եւ կը սիրէ։ Աստուծոյ խելագար սէրը։ Հայրը իր Միածին Որդին տուաւ, որ մեզի համար խաչին վրայ մեռաւ։ Խաչը, Աստուծոյ սիրոյ մեծ մատեանն է բոլորիս համար։ 

Բազմաթիւ քրիստոնեաներ իրենց ժամանակը կ՝անցնեն խոկալով խաչի մասին եւ հոն ամէն ինչ կը գտնեն, որովհետեւ Սուրբ Հոգին անոնց հասկցուցած է,  թէ խաչին մէջն է որ գտնուին գիտութիւնը, Աստուծոյ ամբողջ սէրը, եւ քրիստոնէական ամբողջ իմաստութիւնը, Աստուծոյ լոյսը։ » 

ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով խաւարը նախընտրող մարդոց ըսաւ.

«Սակայն կան շատ մը քրիստոնեաներ, որոնք չեն կրնար ապրիլ լոյսին մէջ, անոնք մարդկային չղջիկներու նման կ՝ապրին խաւարին մէջ եւ կը քալեն կոյրերու նման։ Մենք եւս երբ կ՝ապրինք մեղքին մէջ, կը նախընտրենք խաւարը եւ կը քալենք կոյրերուն պէս։» 

«Ձգենք, որ Աստուծոյ սէրը, որ Յիսուսը ղրկեց մեզ փրկելու համար, թող մեր մէջ մտնէ եւ լոյսը ,որ Յիսուս իր հետ բերաւ՝ Սուրբ հոգիին լոյսը մեր մէջ մտնէ եւ մեզ օգնէ իրողութիւնները տեսնելու Աստուծոյ լոյսով, իսկական լոյսով եւ ոչ թէ խաւարով,զոր խաւարի տէրը փոխանցեց։»

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը յորդորելով, որ այսօր մենք մեզին հարց տանք, եթէ Աստուծոյ Որդին ենք, եթէ լոյսի Որդին ենք կամ ալ խաւարին որդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2020, 07:31
Կարդալ բոլորը >