Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթենք Քովիտ19 ժահրի զոհ անկարները խնամող առողջապահական մարզի գործիչներուն համար». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Այսօրուան պատարագին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ մտածում կը յղէ անկարներուն որոնք զոհ են քորոնաժահրին ու անոնց խնամք տանող բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն.

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ 18 ապրիլի Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ առաւօտեան 7-ին մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած սուրբ  պատարագը նուիրեց քորոնաժահրէն վարակուած անկար հիւանդներուն ու անոնց խնամք տանող առողջապահական գործիչներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Երէկ ստացայ մայրապետի մը նամակը, որ որպէս համր ու խուլերու նշաններու լեզուի թարգմանիչ կ՛աշխատի, որ ինծի պատմեց այն դժուար գործի մասին, զոր կը կատարեն առողջապահական մարզի գործիչները, հիւանդապահերը, բժիշկները, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց հետ, որոնք վարակուած են Քովիտ19 ժահրէն։ Աղօթենք անոնց համար որոնք միշտ կը ծառայեն տարբեր ունակութիւններ եւ հմտութիւններ ունեցող, բայց մեր կարողութիւնները չունեցող այդ անձերուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սուրբ զոհին սկիզբը։

Քարոզ

Այսօր ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, առաջինը քաղուած գործ առաքելոց գիրքէն, երկրորդը Ղուկասի աւետարանէն։

Մեկնաբանելով գործ առաքելոց գիրքէն քաղուած հատուածը,  ուր կը խօսուի, «քահանայապետերը կանչելով Պետրոսն եւ Յովհաննէս առաքեալները, պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսի անունով։  Առաքեալները պատասխանեցին ըսելով.« Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է , որ Աստուծմէ աւելի ձեզ մտիկ ընենք, դուք դատեցէք։ Վասնզի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք չենք կրնար չխօսիլ։ ( Գործ Առաքելոց 4, 13-21։ Ֆրանչիսկո Պապ անդրադառնալով առաքեալներու այդ համարձակութեան  նշեց թէ, համարձակութիւնը կարեւոր բառ մըն է , քարոզիչներուն վարուելակերպն է, Քրիստոնեային քաջութիւն է, որ զինք կը մղէ ազատութեամբ խօսելու։ Մինչ քահանայապետերուն սիրտերը փակ էին՝ այդ համարձակութեան դիմաց, անոնց կաշառակեր սիրտ ունէի եւ սուրբ հոգին չի կրնար մուտք գործել այդպիսի սիրտերուն մէջ։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ  սուրբ  Պետրոս քահանաներուն սպառնալիքներուն կը պատասխանէ Սուրբ Հոգիէն յառաջացած քաջութեամբ։ Ան ապա հաստատեց Քրիստոմնեան միշտ ճշմարտութիւնը կ՝ըսէ որովհետեւ հետեւողական է։ 

Մեկնաբանելով ապա օրուան աւետարանէն քաղուած հատուածը, ուր Յիսուս երեւցաւ տասնըմէկ աշակերտներուն՝ մինչ սեղանի նստեր էին եւ յանդիմանեց անոնց անհաւատութիւնը եւ խստասրտութիւնը, որովհետեւ չէին հաւատացած անոնց՝ որ տեսած էին զինքը յարութիւն առած։ Յիսուսի կը յորդորէ ըսելով գացէք բոլոր աշխարը եւ աւետարանը քարոզեցէք բոլոր արարածներուն։ (Մարկ 16, 9-15)։ Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսքը կեդրոնացուց քաջութիւն բառին վրայ նշելով որ քաջութիւնը Սուրբ Հոգիէն կը ծնի, որ պարգեւ մըն է ։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք , առաքեալներուն երեւցաւ ու անոնց ըսաւ պիտի ստանաք Սուրբ Հոգին գացէք եւ քարոզեցէք։ Առաքելութիւն ճիշդ այստեղէն կը բխի , այդ պարգեւէն որ մեզի քաջութիւն, համարձակութիւն կը ներշնչէ, աւետարանը քարոզելու համար։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց քարոզը հայցելով Տիրոջմէ , որ մեզի  օգնէ միշտ  քաջ ըլլալու, դիտել տալով որ քաջ ըլլալ չնշանակեր անխոհեմութիւն։ Քրիստոնեայի քաջութիւնը միշտ խոհեմ է սակայն միշտ քաջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատարագի աւարտին յիշեցուց որ կիրակի, 19 ապրիլին, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Santo Spirito in Sassia ժողովրդապետութեան մէջ, առաւօտեան ժամը 11-ին։ Մինչ Սանթա Մարթայ պատարագները պիտի շարունակուին երկուշաբթի 20 ապրիլին,  առաւօտեան ժամը եօթին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2020, 07:47
Կարդալ բոլորը >