Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Շնորհակալ եմ ձեր մատուցած օգնութեան»։ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել դեղագործներուն համար։

Դեղագործները եւս մեծ գործ կը տանին օգնելու համար հիւանդներուն՝ դուրս գալու հիւանդութենէն։

Վատիիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 16 Ապրիլին Նորին Սրբութիւնը ուղիղ եթերով մատուցած Սուրբ Պատարագի որպէս դիտաւորութիւն ընտրեց դեղագործները, որոնք այս համաճարակի օրերուն իրենց եւս  ծառայութիւն  կը մատուցեն օգներու համար հիւանդներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս օրերուն յանդիմանուեցայ  որովհետեւ մոռցայ շնորհակալութիւն արտայայտել աշխատաւոր այլ մարդկանց խումբի մը…շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, կամաւորներուն… «Բայց դուք մոռցաք դեղագործները». Անոնք եւս մեծ գործ կը տանին օգնելու համար հիւանդներուն՝ դուրս գալու հիւանդութենէն։ Աղօթենք նաեւ անոնց համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Զոհին սկիզբը։

Քարոզ 

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն.

« Եւ մինչ այսպէս կը խօսէին, ինքն իսկ Յիսուս անոնց մէջ եկաւ, կեցաւ եւ ըսաւ. Խաղաղութիւն ձեզի, ես եմ մի վախնաք։» Բայց անոնք սարսափած՝ կը վախնային ու կը համարէին ոգի մը տեսնել։ Ինչո՞ւ կը խռովիք»... (Ղուկաս, 24, 35-48):  Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ քարոզին մէջ ըսաւ. «Այս օրերուն, Երուսաղեմի մէջ մարդիկ համակուած էին շատ մը զգացումներով, վախով, տարակոյսով, հմայքով։

Յիսուս  Եմմաւուսի աշակերտներուն երեւցաւ։ Եմմաւուսի աշակերտները գիտէին, որ Յիսուս Յարութիւն առաւ, սակայն երբ Յիսուս երեւցաւ, անոնք վախցան կարծելով, որ ոգին մը տեսած են, միեւնոյն այն փորձառութիւնը,  երբ Յիսուս ջուրերուն վրայ քալեց։ 

Յիսուս երբ աշակերտներուն երեւցաւ, աշակերտները խռոված եւ վախի մէջ էին եւ  կը կարծէին, թէ ոգի մը տեսած են։ Յիսուս անոնց ըսաւ . ինչո՞ւ կը խռովիք, ձեր սրտին մէջ տարակոյս կը մտնէ։ Տեսէք ձեռքերս եւ ոտքերս.ես ինքս եմ. Շօշափեցէք զիս տեսէք, վասնզի ոգին մարմին եւ ոսկր չունի։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա  շեշտը դնելով աւետարանին հետեւեալ հատուածին վրայ, «որովհետեւ չէին հաւատար՝ ուրախութենէն եւ զարմացեր էին (Ղուկ. 24, 41 ան ըսաւ. «աշակերտներու ուրախութիւնը արգելք եղաւ հաւատալու։ Աշակերտները ուրախութեամբ լիացած էին սակայն, ուրախութեան պատճառաւ անոնք անշարժութեան մատնուած էին։ 

Ուրախութիւնը Պօղոս առաքեալին Հռոմէացիներու փոխանցած մաղթանքներէն մին է։ Մխիթարութեան ամենէն վսեմ փորձառութիւնն է երբ՝ Տէր տէրը մեզի հասկնալ կու տայ, որ այդ ուրախութիւնը այլ բան մըն է,  տարբեր է ուրախ, լուսաւոր եւ դրական ըլլալէ։

Ուրախութեան միեւնոյն փորձառութիւնը տեղի ունեցաւ  երբ Յիսուս երկինք բարձրացաւ համբարձումի օրը.  աշակերտները Երուսաղեմ վերադարձան ՝ուրախութեամբ լի։ Սա մխիթարութեան լիութիւն է, լիութիւնը Տիրոջ ներկայութեան» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Սուրբ Պօղոս կ՝ըսէ  թէ ուրախութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղն է ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց որ ուրախութիւնը , հրաշալի բանէ մը բխաց յուզումներու հետեւանք չէ։ Այդ ուրախութիւնը ,որ մեզ կը լիացնէ Սուրբ Հոգիին պտուղն է։ Առանց Սուրբ Հոգիին չէ կարելի ունենալ այդ ուրախութիւնը։ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնը ստանալը շնորհք մըն է ։»Հաստատեց Սրբազան Հայրը ան ապա  եզրափակեց քարոզը մէջբերելով Պօղոս Զ Պապին՝« աւետարանում» յորդորագիրէն  եւ Նեեմայ Գիրքէն հատուածներ։

Սուրբ Պօղոս Զ Պապը գրած է, «որովհետեւ այնքան շատ էր ուրախութիւնը, անոնք չէին հաւատար»։

Նեեմային Գիրքին մէջ գրուած է « Ժողովուրդը յուզուած էր, ուրախութենէ կու լային, որովհետեւ օրէնքի գիրքը գտած էին, ժողովուրդը ուրախ էր։  Նեեմիան ժողովուդին ըսաւ, հանդարտեցէք, մի լաք հիմա, ուրախութիւնը պահպանեցէք, որովհետեւ Տիրոջ մէջ ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է։

Այս Նեեմեայի գիրքին խօսքը, մեզ պիտի օգնէ։Մեծ ուժը որ ունինք մեր մէջ աւետարանը քարոզելու համար եւ որպէս կեանքի վկաները յառաջ ընթանալու համար, Տիրոջ ուրախութիւնն է, որ է Սուրբ Հոգիին պտուղը, եւ այսօր սուրբ Հոգիէն կը հայցենք, որ մեզի շնորհէ այս պտուղը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 07:24
Կարդալ բոլորը >