Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց որպէսզի միացած մնանք դժուարութիւններու ընթացքին։

Թող որ այս ժամանակներու դժուարութիւնները մեզի վերագտնել տան մեր միջեւ հաղորդութիւնը, միութիւնը որ միշտ գերազանց է որեւէ բաժանումէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան   

14 ապրիլ 2020-ի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց միութեան համար։

«Աղօթենք՝ որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ մեր միջեւ միացած ըլլալու շնորհքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Թող որ այս ժամանակներու դժուարութիւնները մեզի վերագտնել տան մեր միջեւ հաղորդութիւնը,  միութիւնը որ միշտ գերազանց է որեւէ բաժանումէ։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ներկայացուցած քարոզին ներշնչումի աղբիւր եղաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն՝ գործ առաքելոց գիրքէն քաղուած  հատուածը, ուր Սուրբ Պետրոս կ՝ըսէ, «Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ5 թէ Աստուած զանիկա Տէր ալ ըրաւ՝ Օծեալ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք Խաչեցիք։ Երբ ասիկա լսեցին, իրենց սրտերուն մէջ զղջացին ու ապաշխարեցին։ (Գործ Առաքելոց 2, 36-41)

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ շեշտը դնելով հաւատարմութեան վրայ, նկատել տուաւ, թէ ապաշխարել կը նշանակէ դառնալ հաւատարիմ ըլլալ։ Հաւատարմութիւնը թէպէտ մեր կեանքի մէջ շատ տարածուած վերաբերմունք մը չէ,  սակայն պէտք է  հաւատարիմ ըլլալ բարի եւ վատ ժամանակներու մէջ,  ինչպէս նաեւ հաւատարիմ ըլլալ երբ անվստահութեան մէջ կը գտնուինք։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա նշեց թէ մեր կեանքի վստահութիւնները յաճախ չեն եկած Տիրոջմէ այլ՝ եկած են կուռքերէն, որոնք մեզ անհաւատարմութեան կը մղեն, դիտել տալով, որ  ըլլայ մեր կեանքը, ըլլալ  եկեղեցւոյ պատմութիւնը լի են անհաւատարմութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, որպէս հաւատարմութեան տիպար, օրինակ բերաւ օրուան աւետարանի ընթերցումին մէջ նշուած Մարիամ Մագդաղենացին, որուն Յարուցեալ Յիսուսը երեւցաւ,  երբ՝ ան  գերեզմանի դուրս կայներ էր եւ կու լար։ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ ,որ Աւետարանին մէջ կայ հաւատարմութեան իքոնը, այն հաւատարիմ կինը,  որ երբեք չմոռցաւ այն ինչ, որ Տէրը ըրաւ իրեն համար։Մարիամ հաւատարիմ  մնաց նաեւ ողբերգութեան դիմաց։ 

Մարիարմ  տկար կին մըն էր սակայն հաւատարիմ էր գերեզմանին դիմաց, պատրանքներու փլուզման դիմաց եւ ան ապա դարձաւ առաքեալներուն աշակերտուհին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հայցելով Տիրոջմէ հաւատարմութեան շնորհքը, եւ շնորհակալութիւն յայտնելու շնորհքը՝ մեզի վստահութիւն ներշնչելուն համար, սակայն յորդորեց սրբազան Հայրը  պէտք չէ երբեք մտածել, թէ  մեր վստահութիւնները մեր անձէն յառաջացած  վստահութիւններ են եւ  պէտք  է միշտ նայիլ  մեր սեփական վստահութիւններէն անդին։ Հայցենք տիրոջմէ, որ մեզի շնորհէ միշտ հաւատարիմ մնալու շնորհքը։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2020, 07:23
Կարդալ բոլորը >