Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթենք բանտերու մէջ գերբնակեցումի հարցի լուծման համար» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աղօթենք պատասխանատուներուն համար,կ անոնց որոնք այս հարցին համար որոշումներ պիտի առնեն, որպէսզի՝ այդ հարցի լուծման համար, կարողանան գտնել ուղիղ եւ ստեղծագործ ճանապարհը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն ուղիղ եթերով սփռուած առաւօտեան սուրբ պատարագները,  երկուշաբթի 6 ապրիլ 2020ին, հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու  բանտարկեալներուն համար ու յատկապէս բանտերու մէջ գերբնակեցումի հարցին լուծում գտնելու համար։

Ունկնդրէ լուրը։

«Այսօր, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը մտածեմ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող ծանր հարցի մը։ Կ՛ուզեմ որ այսօր աղօթէինք բանտերու գերբնակեցումի հարցին համար։ Այնտեղ ուր կայ գերբնակեցում, կայ նաեւ վտանգը որ այս համաճարակը դառնայ ծանր աղէտ։ Աղօթենք պատասխանատուներուն համար,անոնց որոնք այս հարցին համար որոշումներ պիտի առնեն, որպէսզի՝ այդ հարցի լուծման համար, կարողանան գտնել ուղիղ եւ ստեղծագործ ճանապարհը։

Քարոզ

«Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, ուր կը գտնուէր Ղազարը, այն՝ որ մեռած էր,  եւ որուն յարութիւն տուածէր ինքը։ Հոն ընթրիք մը տուին Յիսուսի եւ Մարթա կը ծառայէր. Ղազար ալ սեղանակիցներէն էր։ Իսկ Մարիամ առնելով լիտր մը նարդոսի ազնիւ եւ թանկագին իւղ, անով Յիսուսի ոտքերն օծեց եւ իր մազերով սրբեց։ Յուդա Իսկարիովտացի, որ Յիսուսի մատնիչը պիտի ըլլար, ըսաւ.« ինչո՞ւ այդ իւղը երեք հարիւր դենարի չծախուեցաւ եւ աղքատներուն չտրուեցաւ։»Այսպէս ըսաւ, ոչ անոր համար որ աղքատներուն վրայ հոգ ունէր, այլ՝ որովհետեւ գող էր եւ գանձանակը իր մօտ ըլլալով, ինչ որ հոն ձգուէր՝ ինքը կ՝առնէր։ (Յովհ ԺԲ 1-11)

Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ.

Այս անհաւատարիմ մատակարարումի պատմութիւնը միշտ այժմէական է։ Մտածենք կարգ մը բարեսիրական կամ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք ունին բազմաթիւ պաշտօնեաներ, ունին մարդոցմով հարուստ կառոյցներ, եւ որոնք,  իրենց պաշտօնեաներուն ամսականները վճարել կարենալու համար՝ աղքատներու կը հասնին իրենց ունեցած դրամներուն 40 տոկոսը տրամադրելով։ 

Արդ՝ պատասխանը Յիսուսին է  եւ ասոր վրայ կ՝ուզեմ կեդրոնանալ. «աղքատները միշտ հետերնիդ ունիք։ » Դա ճշմարտութիւն է։ Միշտ աղքատներ ունինք։ Շատ աղքատներ կան, աղքատներ որոնց ականատես կ՝ըլլանք։ Սա նուազագոյնն է։ Աղքատներու մեծ մասը չենք տեսներ, կան թաքնուած աղքատներ։ Մենք չենք տեսներ այդ աղքատները, որովհետեւ կը մտնենք անտարբերութեան մշակոյթին մէջ, որ մերժողական է. կը մերժենք ըսելով« ոչ ոչ աղքատներ չկան։  Առկայ է նաեւ սովորութիւն մը՝ աղքատները քաղաքի իբրեւ  զարդարանք տեսնելու սովորութիւնը։ Այդ աղքատներու մեծ մասը քաղաքա-տնտեսական քաղաքականութեան զոհ են։  Կան աղքատներ, որոնք չեն հասնիր ամսուայ վերջաւորութեան եւ  կ՝ամչնան ցոյց տալու։ Կան աղքատներ, որոնք  ամչնալով ՝թաքնուած եւ ծածկուած քարիթասի կը դիմեն։ Աղքատները շատ աւելի են քան հարուստները։ Եւ այն ինչ որ Յիսուսը կ՝ըսէ իրական է. «Աղքատները միշտ հետերնիդ ունիք»։ Արդեօք ես կը տեսնե՞մ զիրենք։ Արդեօ՞ք կ՝անդրադառնամ այդ իրականութեան, մանաւանդ թաքնուած իրականութեան։ 

Յիսուս, դատաստանի վերջին օրը, առաջինհարցումը որ մեզի պիտի ուղղէ այս պիտի ըլլայ  «ինչպէ՞ս յարաբերեցար աղքատներուն հետ։ Կերակուր տուի՞ր։ Երբ ,որ բանտին  ու հիւանդանոցին մէջ էր,  անոր այցելութեան գացի՞ր։ Հոգ տարի՞ր աղքատ եւ այրի կնոջ. ես հոն էի։  Այս հիման վրայ պիտի դատուինք։ Պիտի չդատուինք աղքատներու հետ ունեցած մեր յարաբերութեան համար։ Եթէ այսօր անտեսեմ  աղքատները եւ զանոնք մէկի դնեմ,  Տէրը իմ անձս պիտի անտեսէ ՝դատաստանի օրը։    

Երբ Յիսուս ըսաւ. «աղքատները միշտ հետերնիդ ունիք» կը նշանակէ, ես միշտ ձեր հետ պիտի ըլլամ՝ աղքատներուն մէջ։ Ես հոն ներկայ եմ։ Սա համայնավարութիւն չէ , սա Աւետարանի կեդրոնն է,  մենք  այդ հիման վրայ պիտիդատուինք։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քազոզին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2020, 07:25
Կարդալ բոլորը >