Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին յատուկ աղօթքը համաճարակի անանուն զոհերուն համար։

Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապին մտածումը նուիրուած էր Քովիտ19 համաճարակի պատճառաւ մերած մարդոց ու յատուկէն անոնց որոնք «անանուն» թաղուեցան զանգուածային գերեզմաններուն մէջ։

Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ՝ 30 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան  մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած Սուրբ Պատարագին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խնդրեց աղօթել համաճարակի անանուն զոհերուն համար։

Այսօրաղօթենք ննջեցեալներուն համար, անոնց որոնք մեռան համաճարակի պատճառաւ, ու նաեւ յատուկ աղօթք մը կատարենք անանուն ննջեցեալներուն համար։ Ականատես եղանք զանգուածային գերեզմաններուն։ Շատ էին…. ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով Սուրբ Զոհին։

Ունկնդրէ լուրը։

Քարոզ

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն, ընդգծեց թէ չէ կարելի ճանչնալ Քրիստոսի խորհուրդը, եթէ Հայրը մեզ  չքաշէ դէպի Յիսուս։ Հայրն է որ կը քաշէ,  ճանչնալու համար Որդին։ (Յովհ. 6, 44-51)։ ըսաւ Ան։

Մեկնաբանելով  Գործ Առաքելոցի գիրքէն քաղուած հատուածը, ուր կը խօսուի Փիլիպպոսի Եթովպիացի պաշտօնեայի հետ հանդիպումին մասին։ Եթովպիացին կը փափաքէր հասկնալ Եսայի մարգարէին խօսքը «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ»։  Փիլիպպոս լուսաբանելէ ետք թէ Եսայի մարգարէին խօսքը Յիսուսի կը հայի, Եթովպիացին կը մկրտուի։ Ֆրանչիսկոս Պապ Հաստատեց, թէ առանց Աստուծոյ միջամտութեան, Եթովպիացին պաշտօնեան պիտի չկարենար Ճանչնալ Յիսուսը։ « Եթովպիացին Եսայի գիրքը կարդալու ժամանակ անձկութիւն, մտատանջութիւն  զգաց իր սիրտին մէջ՝ դրուած Աստուծմէ։» ըսաւ նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, դա կը պատահի նաեւ առաքելութեան Ժամանակ։ « Ոչ մէկը կարող է  դարձի բերել։ Աստուած է որ կը քաշէ։  Առաքեալը, միսիոնարը կրնայ պարզապէս հաւատքի վկայութիւն տալ։ Աստուած հաւատքի վկայութեան միջոցաւ կը քաշէ։ Անհրաժեշտ է աղօթել, որպէսզի Հայրը Ժողովուրդը դէպի  Յիսուսը քաշէ։  Անհրաժեշտ է աղօթքն ու վկայութիւնը։ Առանց աղօթքի ու վկայութեան կարելի է գեղեցիկ բարոյական քարոզներ ներկայացնել, սակայն Հայրը առիթ պիտի չունենայ ժողովուրդը դէպի Յիսուսը քաշելու։ Այս է առաքելութեան կեդրոնը, աղօթք եւ վկայութիւն։  Մեր վկայութիւնը կը բանայ դուռը ժողովուրդի դիմաց եւ մեր աղօթքը Հօր սիրտի դուռերը կը բանան, որպէսզի Տէրը ժողովուրդը դէպի իր Որդին» քաշէ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով վկայութիւն եւ աղօթք՝  ոչ միայն առաքելութիւններուն համար այլեւ իբրեւ  քրիստոնեայ ապրելու ու  գործերու համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հաստատելով, թէ ոչ մէկը կարող է դարձի բերել։ Աստուած է որ կը դպչի ժողովուրդի սրտին։ Խնրդենք Տիրոջմ, շնորհքը՝ վկայութեամբ ու աղօթքով մեր գործերը ապրելու, որպէսզի Տէրը կարենայ բոլորին հրաւիրէ Յիսուսի մօտենալու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2020, 07:19
Կարդալ բոլորը >