Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «սկսանք տեսնել անօթութենէ տառապող անձեր. թող եկեղեցի օգնէ տառապողներուն։»

«Ով Յիսուս կ՝երկրպագեմ քեզի, սիրոյ հաղորդութեան մէջ։ Կը փափաքիմ քեզ ընդունիլ իմ համեստ օճախիս մէջ, որ սիրտս քեզի կու տայ։ Սպասելով սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալու երջանկութեան, կ՝ուզեմ որ զիս հոգեպէս ողջագուրես։ եկ իմ սիրելի Յիսուս, թող որ ես քեզի երթամ։ թող որ քու սէրդ հրկիզէ իմ բոլոր էութիւնս ՝սիրոյ եւ կեանքի համար։ Ով Յիսուս կը հաւատամ, կը սիրեմ քեզ, եւ կը յուսամ քեզի։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 28 մարտին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցածսուրբ Պատարագին ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապ վերանորոգեց իր աղօթքը համաճարակի  հետեւանքով տնտեսական տագնապի մատնուող ընտանիքներուն համար։

Ունկնդրէ Լուրը

Ան յիշեց մայրապետներն ու քահանաները, որոնք չեն մոռցած իրենց ժողովուրդի մը հանդէպ պատկանելիութիւնը  եւ կը շարունակեն օգնել հիւանդներուն, աղքատներուն՝ ճգնաժամային այս օրերուն։

«Այս օրերուն աշխարհի կարգ մը վայրերուն մէջ համաճարակի տագնապի պատճառով սկսաւ ի յայտ գալ  համաճարակի  հետեւանքները՝ որոնցմէ մէկն է անօթութիւնը։  Սկսանք ականատես ըլլալ  մարդոց, որոնք անօթի են, մարդիկ, որոնք չեն կրնար աշխատիլ, որովհետեւ զուրկ են  կայուն աշխատանքէ կամ ալ տարբեր պայմաններու բերումով կը տառապին։  Արդեն սկսանք տեսնել «յետոն»,որ աւելի ուշ պիտի գար, բայց հիմա սկսաւ։ Աղօթենք համաճարակի պատճառով տառապող  ընտանիքներու համար» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Պատարագին սկիզբը։

Քարոզ

Ապա մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի վերաբերեալ հրեաներուն զանազան կարծիքներու մասին եւ Յիսուսի պատճառով ժողովուրդի մէջ անհամաձայնութիւն կը ծագի ( Յովհ. 7, 40), Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ ժողովրդին մէջ բաժանումներ կար ։ Ժողովուրդէն մաս մը Յիսուսին խօսքը մտիկ կ՝ընէին, որովհետեւ Յիսուսի խօսքը անոնց սրտերուն կը դպչէր, մինչ՝ այլ խումբ մը՝  օրէնսգէտները Յիսուսը կը մերժէին, որովհետեւ անոնց համար Յիսուսը չէր յարգեր օրէնքները։

Անձերէ կազմուած  երկու խումբեր, խումբ մը, որ Յիսուսը կը սիրէր ու կը հետեւէր Անոր,  այլ խումբ մը կազմուած Իսրայէլի եւ ժողովուրդի պետերէն։ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ այր օրէնսգէտներու խումբը՝  իրենք զիրենք իմաստուն կարծող ընտրանի անձերու խումբը,  ոչ միայն Յիսուսը կ՝արհամարհէին այլեւ ժողովուրդը, որովհետեւ անոնց համար ժողովուրդը տգէտ էր եւ անարժէք ։ 

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ ընտրանի անձերուն՝ իրենք զիրենք փայլուն,  իմաստուն  կարծող անձերուն թերութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ՝ որ  անոնք  կորսնցուցած էին յատուկ ժողովուրդի  մը պատկանելիութեան յիշողութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց մեր օրերուն, համաճարակի պատճառով դժուար կացութեան մէջ գործող անթիւ այր մարդիկ ու կիներ, քահանաներ , մայրապետներ, որոնք կը շարունակեն ծառայել Աստուծոյ ժողովուրդին։ Ան հրաւիրեց խոկալու եթէ մաս կը կազմենք այդ ընտրանի անձերու խումբին, կամ մը ալ Աստուծոյ հետեւող հաւատարիմ Ժողովուրդին ։

 Քարոզի աւարտին, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութենէ եւ օրհնութենէ վերջ Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց հետեւեալ աղօթքը.

«Ով Յիսուս քեզ կը պաշտեմ քու սիրոյ հաղորդութեան մէջ։ Կը փափաքիմքեզ ընդունիլ իմ համեստ օճախիս մէջ որ սիրտս քեզի կու տայ։ Սպասելով սուրբՀաղորդութիւնը ստանալու երջանկութեան կ՝ուզեմ որ զիս հոգեպէս ողջագուրես։ եկ իմսիրելի Յիսուսի թող որ ես քեզի երթամ։ թող որ քու սէրդ հրկիզէ իմ բոլոր էութիւնս ՝սիրոյ եւ կեանքի համար։ Ով Յիսուս կը հաւատամ կը սիրեմ քեզ,  եւ կը յուսամ քեզի։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2020, 10:24
Կարդալ բոլորը >