Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

«Մի մոռնաք փրկութեան շնորհքը՝ որ սիրտը կը դարձնէ անկեղծ ու ողորմած» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Գթութիւնը արդարեւ առանցքը կը կազմէ Աւետարանին։ Յիսուսին գութը միշտ ալ կը շարժի տառապանքի ընթացքին։ Յիսուս արդարեւ Աստուծոյ գթութիւնն է։ Ան ամէն մէկ սրտի կարծրութեան դէմ ապտակ մըն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աշակերտները իրար մէջ կը վիճէին  որովհետեւ մոռցած էին հաց առնել եւ նաւակին մէջ միայն մէկ հաց ունէին իրենց հետ։ Յիսուս նկատելով այդ մէկը անոնց կ՛ըսէ  «Թերահաւատներ, Ինչո՞ւ կը խորհիք ձեր սրտին մէջ թէ հաց չունիք. Դեռ չէ՞ք ըմբռներ եւ չէ՞ք յիշեր. Ձեր սիրտերը ապշած են. Աչք ունիք եւ չէք տեսներ, ականջ ունիք եւ չէք լսեր։ եւ տակաւին չէք հասկնար եւ չէք յիշեր. Քանի՞ սակառ լեցուն մնացորդներ հաւաքեցիք, երբ հինգ հացը հինգ հազար հոգիի բաժնեցի…»։

Ունկնդրէ լուրը

Մարկոս Աւետարանիչէն (Մարկոս 8, 14-21) քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 18 փետրուարի քարոզին զոր ան արտասանեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին։

Մեկնաբանելով Յիսուսին խօսքերը Քահանայապետը ուզեց բաղդատութիւն դնել աշակերտներու «կարծարծած սրտին» ու Տիրոջ «ողորմած» սրտին միջեւ։

«Տիրոջ կամքը ողորմութիւնն է «ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ»։ Եւ սիրտ մը առանց ողորմութեան կռապաշտ սիրտ է, ինքնաբաւ սիրտ մը որ յառաջ կ՛ընթանայ հիմնուելով սեփական եսասիրութեան վրայ եւ ուժեղ կը դառնայ գաղափարախօսութիւններով» ըսաւ Սրբազան Պապը մտաբերելով Յիսուսի ժամանակ գոյութիւն ունեցող չոր գաղափարախօսական խումբերը. փարիսեցիները սադուկեցիները. էսենները, զելացիները: Չորս խմբաւորումներ որոնց սիրտը կարծրացած էր յառաջ տանելու համար ծրագիր մը որ Աստուծոյ ծրագիրին չէր համապատասխաներ. Անոնց համար տեղ չկար Աստուծոյ, տեղ չկար ողորմութեան» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը, նկատել տալով սակայն թէ սրտի կարծրութեան դէմ կայ դարման մը ու այդ դարմանը յիշողութիւնն է։

«Երբ սիրտը կարծրանայ….մոռացութեան պատճառաւ է։ Կը մոռնանք փրկութեան շնորհքը. Կը մոռնանք ձրիութիւնը։ Կարծր սիրտը կը տանի վէճերու, կը տանի պատերազմներու, կը տանի եսասիրութեան, ու եղբօր քանդումին, որովհետեւ այնտեղ գթութիւն չկայ» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ Փրկութեան ամենամեծ պատգամը այն է թէ Աստուած գթաց մեր վրայ»։

«Գթութիւնը արդարեւ առանցքը կը կազմէ Աւետարանին։ Յիսուսին գութը միշտ ալ կը շարժի տառապանքի ընթացքին։ Յիսուս արդարեւ Աստուծոյ գթութիւնն է։ Ան ամէն մէկ սրտի կարծրութեան դէմ ապտակ մըն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղելով  հայցել «անգաղափարախօս» ու ոչ կարծր սիրտ մը ունենալու շնորհքը,  ու հաստատելով որ «ասոր հիման վրայ է որ մենք պիտի դատուինք դատաստանի օրը, ոչ թէ մեր գաղափարներուն համար, այլ մեր գործելակերպին համար. «Անօթի էի կերակրեցիր զիս. Բանտն էի այցելեցիր զիս. հիւանդ էի մխիթարեցիր զիս», գրուած է Աւետարանին մէջ ու «այս կը նշանակէ գթութիւն, ողորմութիւն» ընդգծեց Սրբազան Պապը  որ քարոզը աւարտեց աղօթքով մը հրաւիրելով յիշել, յիշողութիւն կատարել ու խնդրել որ Տէրը մեզի պարգեւէ ուղղամիտ եւ անկեղծ սիրտ մը։ Տէրը չի կրնար մուտք գործել կարծր սրտերուն մէջ։ Ան կը մտնէ միայն իրեն նման սրտերուն մէջ՝ ողորմած սրտեր, գթութեամբ լի սրտեր, բաց սրտեր. Թող Տէրը մեզի պարգեւէ սոյն շնորհքը ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2020, 11:30
Կարդալ բոլորը >