Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (� Vatican Media)

«Մեր սրտին մէջ կրել կեանքի ճանապարհորդակիցները» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց Տոմուս Սանթա Մարթայի ընտանիքի առօրեային վրայ, ընտանիք մը որ չէ կազմուած միայն հայրէ, մայրէ, եղբայրներէ, տատիկ մամիկներէ. Այլ աւելի ընդարձակ, «ուր ներառուած են անոնք որոնք կը կիսեն մեր առօրեային ճանապարհորդութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տոմուս Սանթա Մարթայի ջերմութիւնը, վայրը ուր Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրած է որպէս բնակարան եւ որուն բնակիչները «Լայն Ընտանիք» նկատուած են Քահանայապետին կողմէ, առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին 14 փետրուարի քարոզին, զոր արտասանեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, ներշնչում քաղելով 40 տարիներու աշխատանքէ ետք՝  թոշակի անցնող Փաթրիցիա անունով աշխատաւորի  մը դրուագէն, որպէս « յիշատակութեան ու շնորհակալութեան արարք ու նաեւ ներողամտութեան խնդրանք անոնց նկատմամբ, որոնք մեզի կ՛ընկերանան կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց Տոմուս Սանթա Մարթայի ընտանիքի առօրեային վրայ, ընտանիք մը որ չէ կազմուած միայն հայրէ, մայրէ, եղբայրներէ, տատիկ մամիկներէ. Այլ աւելի ընդարձակ, «ուր ներառուած են անոնք որոնք կը կիսեն մեր առօրեայի ճանապարհորդութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ Տէրը մեզ կ՛ուզէ որպէս ժողովուրդ, ոչ թէ եսասէր, եսասիրութիւնը մեղք է» նշեց ան, յիշելով բազմաթիւ անձերու մատուցած վեհանձն ծառայութիւնները ու յատկապէս անուն մականուն տալով անոնց, որոնց շարքին ի մէջ այլոց Քոյր Մարիամը, Տոմուս Սանթա Մարթայի տան «մեծ մաման», ու անոր նման այլ անձինք, որ նախապէս կ՛ապրէին այդ տան մէջ ու այժմ զանազան պատճառներու բերումով չկան,  այլ վայրեր փոխադրուած են, թոշակի ելած ու կամ հեռացած են այս աշխարհէն։

«Լաւ պիտի ըլլայ այսօր մտաբերել բոլոր այն մարդիկը, որոնք մեզի ընկերացան կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին ու զանոնք յիշել երախտագիտական հոգիով եւ որպէս Աստուծոյ երախտագիտութեան արարք։ Շնորհակալ ենք Տէրը որ մեզ միայնակ չի թողուցիր» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ առօրեային մէջ  միշտ ալ հարցեր կը ծագին, այնտեղ ուր մարդ կայ, կան նաեւ շատախօսութիւններ։ Հոս ալ կը պատահի այդ մէկը։ Կ՛աղօթենք կը խօսինք ու յաճախ նաեւ մեղք կը գործենք՝ սիրոյ դէմ» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շարունակեց «Ընտանիքին մէջ սակայն մեղքէն ետք ներողութիւն կը հայցենք եւ ասոր համար կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք մեզի կ՛ընկերանան, ապա անոնցմէ ներողութիւն խնդրել մեր թերութիւններուն համար»։

Սրբազան Հայրը հուսկ յատուկէն ողջունեց  Փաթրիցիան  ու անոր եւս շնորհակալութիւն յայտնելով մաղթեց որ կեանքի այս երկրորդ հանգրուանը եւս տեւէ 40 տարիներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2020, 11:00
Կարդալ բոլորը >