Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «պարզ եւ հակիրճ աղօթքը Աստուած կը յուզէ:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 յունուարի քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 16 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի բորոտի բուժումի մասին:

«Աստուած մեզի մօտիկ է, Աստուծոյ կարեկցութիւնը իր ուսերուն վրայ կ՝առնէ մեր մեղքերը, հարցերն ու ներքին հիւանդութիւնները: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, բորոտին Յիսուսի ուղղած Խօսքը . «Տէր եթէ ուզես, կրնաս զիս բուժել» պարզ աղօթք մըն է, վստահութեան արարք մը միեւնոյն ժամանակ մարտահրաւէր մը:  

Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով բորոտին Յիսուսի ուղղած կարճ խօսքին վրայ նշեց, որ այդ խօսքը սիրտէ բխած աղերս մըն է, միեւնոյն ժամանակ կը պատմէ Տիրոջ գործելաոճը, որ նշան  է կարեկցութեան, մեզի համար եւ մեր վրայ խղճալու նշան, ինչպէս նաեւ ուրիշին ցաւը իր ուսերու վրայ  առնելու նշան՝ ամոքելու համար յանուն Հօր Սիրոյն: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց սեւեռել Յիսուսի կարեկցութեան վրայ, որ եկած է կեանք պարգեւելու ՝մեզի մեղաւորներուս:

Նորին Սրբութիւնը շարունակելով խօսիլ Յիսուս կարեկցութեան մասին, յարեց թէ Յիսուս աշխարհ եկաւ ,ոչ թէ օրէնքը քարոզելու համար այլ ՝աշխարհ եկաւ կարեկցութեան հոգիով,  այսինքն մեր հետ ցաւելու եւ իր կեանքը տալու համար, աւելցնելով որ այնքան մեծ է Յիսուսի սէրը, որուն կարեկցութիւնը զինք տարաւ մինչեւ խաչ, կեանք պարգեւելու համար:

Սրբազան Հայրը  եզրափակեց քարոզը հրաւիրելով կրկնել բորոտի կարճ աղօթքը «»Տէր եթէ կ՝ուզես, զիս կրնաս բուժել: եթէ կ՝ուզես ինծի կրնաս ներել, եթէ կ՝ուզես կրնաս օգնել ինծի,  նկատել տալով , որ բորոտը իր պարզ եւ հրաշագործ աղօթքով կրցաւ  բուժուիլ , շնորհիւ Յիսուսի կարեկցութեան որ մեզ կը սիրէ նոյնիսկ եթէ մեղաւորներ ենք:» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 11:19
Կարդալ բոլորը >