Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Հեղինակութիւն չի նշանակեր հրամայել. կը նշանակէ հետեւողական ըլլալ եւ վկայել»:

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 յունուարի քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 14 յունուարին, առաւօտեան, Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ իշխանութեան եւ հեղինակութեան մասին, շեշտելով՝ որ հեղինակութիւնը կը կայանայ հետեւողական ըլլալու մէջ ՝մեր ըսածին եւ ըրած գործերուն միջեւ :

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Աւետարանական հատուածը, որ քաղուած էր Մարկոս աւետարանիչէն. «Յիսուս կը քարոզէր հեղինակութիւն ունեցող մարդոց՝ եւ ոչ թէ դպիրներու նման», (Մարկոս 1, 21-28), նշեց, թէ «ամէնքը կը զարմանային Յիսուսի վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ կը սորվեցնէր հեղինակութիւն ունեցող մարդու եւ ոչ՝ թէ դպիրներու նման,» աւելցնելով, «Յիսուսի վարուելակերպը ազնուական վարուելակերպ է,  Յիսուսի հեղինակութիւնը ներսէն բխող հեղինակութիւն »է:

«Յիսուս հետեւողական էր իր ուսուցած եւ կատարած գործերուն միջեւ: Յիսուս կը քարոզէր, կը բուժէր եւ կը սորվէցնէր: Մինչ դպիրները հետեւողական չէին, անոնք  բան մը կ՝ըսէին եւ ուրիշ բան կը կատարէին», ըսաւ Նորին սրբութիւնը աւեցնելով, որ դպիրները կեղծաւորներ էին, որովհետեւ անհտեւողական անձեր էին:

«Կեղծաւորութիւնը գործելաոճն է այն անձերուն, որոնք պատասխանատուութիւն ունին ժողովուրդին վրայ՝ այս պարագային  հովուական ծառայութեան պատասխանատուութիւն, սակայն հետեւողական չեն իրենց ըսած եւ կատարած գործերուն միջեւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, որ ժողովուրդը հեզ, իմաստուն ու հանդուրժող է, սակայն՝ժողովուրդը քաջ գիտէ զանազանել իսկական հեղինակութիւն ունեցող եւ կեղծաւոր մարդոց միջեւ:

«Ժողովուրդը գիտէ հանդուրժել անհետեւողական հովիւները, նաեւ այն քրիստոնեաները, որոնք  նման դպիրներուն,  կիրակի օր եկեղեցի կ՝երթան, սակայն կ՝ապրին որպէս հեթանոսներ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել, որպէսզի բոլոր մկրտեալները ունենան հեղինակութիւն մը, որ չկայանար հրամայելու մէջ այլ՝ հետեւողական ըլլալու մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 11:42
Կարդալ բոլորը >