Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ .«ստախօս է այն անձը, որ կ՝ըսէ Աստուած կը սիրէ, սակայն իր եղբայրը չի սիրեր:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 յունուարի քարոզը սիրոյ մասին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Շօշափելի սէրը»: Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ուրբաթ, 10 յունուարին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած քարոզին նիւթը՝ առաւօտեան մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին :

Ունկնդրէ լուրը

Ներշնչուած Յովհաննէս առաքեալին, սուրբ գրային ընթերցումէն, ուր առաքեալը կը խօսի սիրոյ մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց, թէ «սէրը շօշափելի է, սէրը բարի գործերու միջոցաւ կ՝արտայայտուի: Մինչ՝ անտարբերութիւնը, թաքնուած ձեւ մըն է՝ Աստուած եւ մերձաւորը չի սիրելու:  Պէտք է միշտ յիշել, որ Աստուած  Ինքն է, որ նախ մեզ սիրեց: Եւ ան, որ կ՝ըսէ ես Աստուած կը սիրեմ եւ իր եղբայրը կ՝ատէ, այդ անձը ստախօս է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «Սէրը շօշափելի եւ ամենօրեայ է: Չկայ միայն ատելութեան զգացումը, կայ նաեւ անտարբերութեան կեցուածքը՝ ուրիշներուն նկատմամբ, ինչ որ քէշ կեցուածք մըն է»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերեց Սուրբ Ալպերլթօ Հուրթատոյին խօսքը: «Չարիք չգործելը լան բան է, սակայն բարիք չ՝ընելն ալ  քէշ իրողութիւն է, որովհետեւ իսկական սէրը մեզ կը մղէ բարիք գործելու եւ մեր ձեռքերը աղտոտելու սիրոյ գործերուն մէջ:

Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ցոյց տուաւ, որ հաւատքի ուղիով կարողութիւնը ունինք աշխարհը յաղթահարելու: Սիրոյ արգելք հանդիսացող ՝ աշխարհին մտայնութիւնը յաղթահարելու համար պէտք է ընթանալ հաւատքի ուղիին վրայէն:  Իսկ անոնք, որոնք ուրիշներուն նկատմամբ անտարբեր են, անկարող են ընթանալու այդ հաւատքի ուղիին վրայէն: Այդ անձերը չեն ուզեր բարիք ընել եւ կ՝ըսեն թէ Աստուած կը սիրեն սակայն իրենց եղբայրն ու մերձաւորը չեն սիրեր:

Թող Տէրը մեզի քաջութիւնը շնորհէ մեր եղբայրները սիրելու: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտելով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2020, 12:06
Կարդալ բոլորը >