Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աշխարհիկ հոգին մեզ կաշառակերութեան կը տանի» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սուրբ Հոգին, ըսաւ Քահանայապետը լոկ, աղաւնակերպ նկարագրութիւն մը չէ, Ան երաշխիքն է մնալու Տիրոջ մէջ ու հարկաւոր է որ մենք խնդենք Անոր շնորհքը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ դադար առած Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Քահանայապետի մատուցած պատարագները վերսկսան 7 Յունուարին եւ սուրբ զոհին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ  Քահանայապետը շեշտը դրաւ աշխարհիկ հոգիի ժխտական երեւոյթներուն վրայ, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն կաշառակերութեան՝ չարը բարիէն չի զանազանելու փորձութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Անհատ մը կարող է ապրիլ մեղապարտ քաղաքներու մէջ, անաստուած ընկերութիւններու ներքոյ, սակայն եթէ անոր սիրտը կը մնայ Աստուծոյ մէջ, այդ անձը կը հասնի փրկութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը թելադրելով հետեւիլ Սուրբ Հոգւոյն ձայնին որ Տիրոջ մէջ մնալու երաշխիքն է։

Սուրբ Հոգին, ըսաւ Քահանայապետը, լոկ աղաւնակերպ նկարագրութիւն մը չէ,  Ան երաշխիքն է մնալու Տիրոջ մէջ ու հարկաւոր է որ մենք խնդենք Անոր շնորհքը, խուսափելով աշխարհիկ հոգիէն ու դիմելով Սուրբ Հոգիին։

«Աշխարհիկ հոգին կը մղէ մոռացութեան, որովհետեւ մեղքը քեզ Աստուծմէ չի հեռացներ եթէ դուն անդրադառնաս որ մեղք գործած ես ու ներողութիւն հայցես, բայց աշխարհիկ հոգին քեզ կը մղէ մոռնալու թէ ինչ է մեղքը ու կը համոզէ թէ կարող ես ամէն ինչ ընել» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով որ «Սուրբ Հոգին մեզ կը պաշտպանէ ու մեզ կ՛օգնէ մեղքէն ետք վերականգնելու, մինչ աշխարհիկ հոգին, մեզ կը մղէ կաշառակերութեան, մինչեւ այն աստիճան որ այլեւս կարող չենք բարին չարէն զանազանել»։

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց՝ օրը գէթ մէկ անգամ մենք մեզի հարց տալու թէ ո՞ր հոգիին կը հետեւինք, «նայինք մեր սրտին ներքոյ ու խղճի քննութիւն մը կատարենք» ըսաւ Ան ապա հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել իր մէջ մնալու շնորհքը ու աղօթելու Սուրբ Հոգւոյն, որպէսզի մեզ պահպանէ Տիրոջ մէջ ու մեզի պարգեւէ հոգիները զանազանելու շնորհքը, «որպէսզի մեր սիրտը չ՛ըլլայ երթեւեկութեան վայր մը՝ այլ հանդիպման վայր, մեր ու Աստուծոյ միջեւ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2020, 11:37
Կարդալ բոլորը >