Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Մահը Տիրոջ հետ ողջագուրում է զոր պէտք է ապրիլ յոյսով» Ֆրանչիսկոս Պապ

«Տէր սիրտս պատրաստէ լաւապէս մեռնելու համար, խաղաղութեամբ մեռնելու ու յոյսով մեռնելու համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 29 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին քարոզը յատկացուց մահուան նիւթին։

Ունկնդրէ լուրը

Մահը, դիտել տուաւ  Քահանայապետը, պահն է երբ Տէրը կու գայ մեզ առնելու, ու հարկաւոր է պատրաստուիլ այդ հանդիպման, աւելցուց Ան,  հրաւէր ուղղելով աօթելու մէկը միւսին համար, որպէսզի լաւապէս համապատասխանենք այդ հրաւէրին, այն վստահութեամբ թէ Տիրոջ պիտի հանդիպինք։

Մեկնաբանելով Ղուկասի Աւետարանէն  (Գլ21, 29.33) քաղուած օրուան աւետարանը, ուր Յիսուս կ՛ըսէ. «երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին բայց իմ խօսքերս պիտի չ՛անցնին», Նորին Սրբութիւնը խորհրդածեց մահուան մասին, նշելով թէ մեզմէ ոչ ոք գիտէ  մահուան ժամը, ու յաճախ կը միտինք յետաձգել անոր մասին մտածումը…Ամէնքս արդարեւ ունինք կեանքի այս տկարութիւնը, ամէնքս ալ միացած ենք այդ խոցելիութեան իրավիճակով, ու մենք մեզ «յաւերժ» կը նկատենք,  «թէեւ մահուան հաւաստիութիւնը դրոշմուած է Աւետարանին մէջ ու Տէրը զայն կը ներկայացնէ որպէս իր հետ հանդիպում ու այդ հանդիպումին կը կցէ յոյս բառը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Տէրը մեզ կը հրաւիրէ պատրաստուելու այդ հանդիպումին, որովհետեւ մահը հանդիպում է։ Ինքն է որ կու գայ հանդիպելու մեր հետ, մեր ձեռքէն բռնելու ու մեզ տանելու իր հետ»։

Հարկաւոր է առ այդ պատրաստուիլ այդ պահուն երբ զանգը պիտի հնչէ, պահը երբ Տէրը պիտի բախէ մեր դուռը, աղօթենք մէկը միւսին համար որպէսզի պատրաստ ըլլանք Տիրոջ առջեւ դուռը բանալու վստահութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը որ քարոզի աւարտին առաջարկեց հետեւեալ աղօթքը «Տէր սիրտս պատրաստէ լաւապէս մեռնելու համար, խաղաղութեամբ մեռնելու ու յոյսով մեռնելու համար»։

«Աղօթենք մէկը միւսին համար այս դիտաւորութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 12:00
Կարդալ բոլորը >