Որոնել

«Եթէ կ՛ուզենք իմանալ թէ ո՞րն է Քրիստոնեային ապրելակերպը  Երանութիւնները կարդանք» «Եթէ կ՛ուզենք իմանալ թէ ո՞րն է Քրիստոնեային ապրելակերպը Երանութիւնները կարդանք»  

«Երանութիւնները Քրիստոնեայի կեանքին իսկական ուղեցոյց». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Եթէ կ՛ուզենք իմանալ թէ ո՞րն է Քրիստոնեային ապրելակերպը Երանութիւնները կարդանք»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Երկուշաբթի 21 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը, քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն, ուր կը մատնանշուի թէ «նոր գինին կը դրուի նոր տիկերու մէջ »Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «Աւետարանը, Աստուծոյ խօսքը, նոր գինին են, որ մեզի շնորհուեցաւ որպէսզի ըլլանք բարի քրիստոնեաներ,եւ ասոր համար հարկաւոր է նոր ապրելակերպ մը ու նոր վարուելակերպ մը որ իւրայատուկ է քրիստոնեային ու այս մէկը բացայայտ է Երանութիւններուն մէջ»։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց երեք «ոչ քրիստոնեայ» վարուելակերպերու «քննադատական ու դատողութեան ապրելակերպ», «աշխարհիկ ապրելակերպ» ու «եսասէր ապրելակերպ»։

«Առաջինը կը հայի անոնց որոնք կը ջանան միշտ ուրիշները դատել, կ՛ապրին դատելով  ուրիշները, առանց անդրադառնալու թէ այդ մէկը սատանային վարուելակերպն է» ըսաւ Սրբազան Պապը, Սատանան որ «ամենամեծ դատողն է», յարեց Ան, մատնանշելով աւետարանական խօսքին «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ»։

Ակնարկելով ապա երկրորդ ապրելակերպին՝ աշխարհիկ կեանքին, Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց անոնց որոնք Հաւատամքը արտասանելէ ետք «կ՛ապրին ունայնութեան եւ  հպարտութեան մէջ ու կապուած են  դրամին». Անոնց կեանքին մէջ պակաս է հեզութիւնը՝ «հեզութիւնը  որ քրիստոնեաներու  կեանքին յատկութիւնն է եւ զոր պէտք է սորվինք Յիսուսէն, Մարիամէն ու Սուրբ Յովսէփէն» նշեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց եսասիրութեան ու անտարբերութեան, զանոնք նկատելով քրիստոնէական կեանքի դէմ վարուելակերպ մը՝  «Կեղծաւորութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ «Քրիստոնեային ապրելակերպը Երանութիւններն են, հեզութիւնը, խոնարհութիւնը, ցաւերու մէջ համբերութիւնը, արդարութեան սէրը, հալածանքներ կրելու կարողութիւնը, եւ ուրիշները չի դատելը…

«Եթէ կ՛ուզենք իմանալ թէ ո՞րն է Քրիստոնեային ապրելակերպը  Երանութիւնները կարդանք» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը աւարտեց հաստատելով թէ լաւ քրիստոնեայ ըլլալու համար պէտք է կարողութիւնը ունենաք ի սրտէ արտասանելու Հաւատամքը, Հայր մերը, ու հետեւիլ Երանութիւններուն մեզի ցոյց տուած ուղիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 11:32
Կարդալ բոլորը >