Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապին 4 դեկտեմբերի քարոզը:

Յիսնակացի շրջանը, լաւ պատրաստուելու ժամանակն է՝ խաղաղութեան իշխանին հետ հանդիպելու:

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան 

Յիսնակաց շրջանը խաղաղութիւն կերտելու ժամանակն է, խաղաղութիւն՝ մեր հոգիներուն, ընտանիքներուն եւ աշխարհի մէջ խուսափելով ճակատ բանալու պատրուակէն: Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի, երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Տոմուս Սանթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Եսայի մարգարէէն, ուր կը խօսուի թէ ինչ պիտի պատահի Տիրոջ գալուստի ժամանակ որուն ընթացքին գայլերն ու ոչխարները միասին պիտի ըլլան եւ ամէնուրեք խաղաղութիւն պիտի տիրէ, Սրբազան հայրը յարեց թէ Յիսուս իր հետ պիտի բերէ կեանքն ու պատմութիւնը փոխող՝ կարողութիւն ունեցող խաղաղութիւն մը եւ այս պատճառաւ է որ Յիսուս կը կոչուի Խաղաղութեան իշխան որովհետեւ Ան մեզի պիտի շնորհէ այսպիսի խաղաղութիւն:

Ուստի ՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը յիսնակաց շրջանը ժամանակն է պատրաստուելու ՝ խաղաղութեան իշխանի գալուստին: Ժամանակն է մեր եւ միջեւ խաղաղութիւն կերտելու:

Նախ եւ առաջ խաղաղութիւն մեր անձին հետ ապա մեր հոգիներուն մէջ:

ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ շատ անգամ մեր անձին հետ խաղաղ ըլլալով հանդերձ , անձկութեան մէջ կը գտնուինք՝ յուսաբեկութեան պատճառաւ: Տէրը մեզի հարց կու տայ ըսելով ինչպիսի վիճակի մէջ է հոգիդ, արդեօք խաղաղ է : Եթէ ոչ ըսաւ Սրբազան Հայրը պէտք է դիմել խաղաղութեան իշխանին, հայցելու համար անդորրութիւն՝ Քրիստոսի հետ հանդիպելու լաւ պատրաստուելու համար:

Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց որ յաճախ վարժ ենք ուրիշին հոգիին մէջ նայելու եւ ոչ թէ մեր հոգիներուն:

Ան յարեց թէ պէտք է նաեւ խաղաղութիւն կերտել մեր տան մէջ, մեր ընտանիքին մէջ , դիտել տալով որ յաճախ ընտանիքներուն մէջ կը տիրէ տխրութիւն, կան փոքրիկ հակառակութիւններ, շատ անգամ նոյնիսկ բաժանումներ ըսաւ Ան ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ մեր ընտանիքները կ՝ապրին անդորրութեան մէջ եթէ ընտանիքի մը անդամը հակառակ չէ այլ անդամի մը ի վերջոյ եթէ մեր ընտանիքներուն մէջ կան բաժնող պատնէշներ՝:

ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց յորդորելով որ ամէն անգամ որ ականատես ըլլանք բախումի մը փոքրիկ կարելիութեան ՝ ըլլայ մեր տան մէջ ըլլայ մեր սիրտերուն, դպրոցներուն, աշխատավայրերուն մէջ պէտք է կանգ առնենք ու խաղաղութիւն կերտենք : Ան յորդորեց չբամբասել ուրիշներու մասին դիտելով տալով թէ այդպէս կատարելով խաղաղութիւնը յառաջ կ՝ընթանայ:

Թող Տէրը մեր սիրտերը պատրաստէ Խաղաղութեան իշխանին ծնունդին: Թող պատրաստէ մեզի, այնպէս մը ընելով, որ իւրաքանչիւր անձ բան մը կատարէ խաղաղութեան ի խնդիր: Խաղաղութիւն մեր սիրտերու, մեր հոգիներուն, ընտանիքներուն, դպրոց եւ աշխատավայրերուն մէջ:

Թող Տէրը բոլորս ընէ խաղաղութեան այր մարդիկ ու կիներ, մաղթանք յայտնեց Սրբազան Հայրը քարոզին աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2018, 12:12
Կարդալ բոլորը >