Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապին 27 նոյեմբերի քարոզը՝ կեանքի վերջաւորութեան մասին:

Մտածել կեանքի վերջաւորութեան մասին իմաստութիւն է, որովհետեւ անիկա Քրիստոսի հետ ուրախութեան եւ ողորմածութեան հանիդպում է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 27 նոյեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ, ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի աշխարհի վերջաւորութեան մասին Սրբազան հայրը հրաւիրեց խոկալ մեր վախճանին մէջ, դիտել տալով որ սա շնորհքն մըն է, որովհետեւ ոչ մէկուն հաճելի է խոկալ իր վախճանին մասին, զայն հետաձգելով ցմիշտ:

Ակնարկելով օրուան սուրբ գային ընթերցումին՝ Քրիստոսի եւ հրեշտակներուն ներկայութեամբ հունձքի ժամանակի մասին, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այդ ժամանակ, ցոյց պիտի տանք մեր հունձքին եւ կեանքի որակը, մատնանշելով որ հունձքի ժամանակը այն ժամանակն է ուր իւրաքանչիւր անհատ պիտի հանդիպի Տիրոջ ՝ Անոր ներկայացնելով իր կեանքը:

Սրբազան Հայրը ապա հարց տալով » եթէ Տէրը զիս այսօր կանչէ, ինչ պիտի ըսեմ անոր» դիտել տուաւ որ ոչ մէկը գիտէ ՝ ոչ օրը եւ ոչ ալ ժամանակը, աւելցնելով, որ ոչ մէկուն կեանքը ապահովուած է, միակ բանը որ ապահով է , ան է որ ամէնքս վերջ մը պիտի ունենանք, սակայն չենք գիտեր անոր ժամանակը, լոկ Աստուած գիտէ այդ մէկը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ եկեղեցին այս շաբաթ մեզ կը հրաւիրէ մտածելու կեանքի աւարտին մասին ու հարց տուաւ թէ ինչպէս պիտի ներկայանամ Տիրոջ մօտ. Ի՞նչ սխալներ պէտք է շտկել եւ ինչ բարի գործեր հարկաւոր է յառաջ տանիլ։ Այսուղեւորութեան մէջ Սուրբ Հոգին մեր կողքին է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց Անորմէ հայցել ժամանակի իմաստութիւնը, յարութեան իմաստութիւնը եւ Յիսուսի հետ հանդիպումի իմաստութիւնը. Թող Ան մեզի հասկնալ տայ- որ այդ իմաստութիւնը կը կայանայ հաւատքին մէջ։ Աղօթենք որպէսզի Տէրը մեզ պատրաստէ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղելով որ իւրաքանչիւր անձ մտածէ իր կեանքի վերջաւորութեան մասին ու թէ ինչպէս պիտի աւարտէ այդ կեանքը որ օր մը վերջ պիտի գտնէ եւ որ յաւիտեան չէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2018, 13:13
Կարդալ բոլորը >