Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Աղօթենք մաքրութեամբ զբաղող անձերուն համար։

Քարոզին մէջ Սրբազան Պապը հրաւիրեց Հայցել Սուրբ Հոգիէն որ մեզի միշտ յիշեցնէ թէ մենք ունինք Հայր մը ու պարգեւէ շնորհքը՝ վերագտնելու Հայրը որ իմաստ կու տայ կեանքին ու այնպէս կ՛ընէ որ մարդկութիւնը ըլլայ մէկ ընտանիք։

Վատիկան Նիուզ

Կիրակի 17 մայիս 2020ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին սկիզբը որ ուղիղ եթերով սփռուած վերջընթերը կը հանդիսանայ, հրաւիրեց աղօթել մաքրութեամբ զբաղող մարդոց համար։

«Այսօր մեր աղօթքը նուիրուած է  այս բազմաթիւ անձերուն, որոնք կը զբաղին ճանապարհներու, հիւանդանոցներու մաքրութեամբ,  որ կը դատարկեն աղբարկղերը, որոնք տուները կ՛երթան աղբերը հաւաքելու Աշխատանք մը՝ որ ոչ մէկը կը տեսնէ, սակայն գոյատեւելու   համար անհրաժեշտ աշխատանք է։ Թող Տէրը օրհնէ զանոնք եւ օգնէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով սուրբ Զոհին։

Քարոզը

Իսկ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանեց Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանը  (Յովհ 14, 15-21) ուր Յիսուս աշակերտներուն կ՛ըսէ.  եթէ կը սիրէք զիս պահեցէք իմ պատւորաններս։ Ապա՝  «Ես պիտի աղօթեմ Հօրը, եւ ուրիշ Մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան բնակի ձեզի հետ.-  Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ չի տեսներ զայն ու չի ճանչնար զայն. բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ կը բնակի ձեր քով եւ պիտի ըլլայ ձեր մէջ»:

Յիսուս իր աշակերտներուն կու տայ խաղաղութիւնը խոստումի մը հետ միասին՝ «ձեզ որբ պիտի չի թողում» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով՝որ «Ան զանոնք կը պաշտպանէ որբութեան ցաւէն» եւ դիտել տալով որ «այսօր աշխարհի մէջ կայ որբութեան մեծ զգացում. Կը պակսի Հայրը, նոյնիսկ եթէ շատ բաներ ունինք։ Միշտ իղձը կայ հանդիպելու Հօր մինչ կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր կը պակսի Հայրը։ Ասոր համար է որ Յիսուս կը խոստանայ Մխիթարիչը՝ որ կը սորվեցնէ ինչպէս հասնիլ Հօր»։

«Սուրբ Հոգին չի գար իրեն յաճախորդներ փնտռելու համար, ան կու գայ յիշեցնելու Հայրը։ Չկայ Յիսուսին հոգեւորականութիւն մը, եւ Սուրբ Հոգիին հոգեւորականութիւնը, կայ միայն Հայրը որ կեդրոնն է ամէն ինչի, սկիզբը ամէն բանի։ Միայն այս զաւակներու գիտակցութեամբ է որ  մենք կարող ենք խաղաղութեամբ ապրիլ մեր միջեւ»։

Պատերազմները ունին որբութեան չափանիշ մը, այնտեղ եւս կը պակսի Հայրը, որ խաղաղութիւն կը ստեղծէ։  Որբութեան զգացումը կը յառաջացնէ նախատինք եւ պատերազմ։ Եթէ չկայ Հայրը, չկայ եղբայրութիւն։ Այն որ Հօր կը պատկանի եղբայրներ ունի։

Հայցենք Սուրբ Հոգիին որ մեզի միշտ յիշեցնէ Հօր հասնելու ուղին, թէ մենք ունինք Հայր մը եւ թող որ որբութեան զգացումի մէջ ապրող քաղաքակրթութեան պարգեւէ շնորհքը՝ վերագտնելու Հայրը, որ իմաստ կու տայ կեանքին ու այնպէս կ՛ընէ  որ մարդկութիւնը ըլլայ մէկ ընտանիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2020, 07:17
Կարդալ բոլորը >