Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Յոյներու Տէր Միքայէլ Պատրիարքին

Հաղորդաշար (57) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

 

Ս. Ներ­սէս Շնո­րա­հա­լի Կա­թո­ղի­կո­ս 1170 Հոկ­տեմ­բեր ամ­սին կայ­սե­րա­կան բա­նագ­նաց­նե­րու՝ Թէոռիանոս մա­գիստ­րո­սի եւ Յով­հան­նէս Ութ­մա­նի մի­ջո­ցով պաշ­տօ­նա­կան պա­տաս­խան կ՚ու­ղար­կէ յոյ­նե­րու Կիռ Մա­նուէ­լի կայս­րին, ար­տա­յայ­տե­լով իր տրա­մադ­րու­թիւ­նը եւ միաժա­մա­նակ ան­ձնա­կան նա­մա­կով մը յայտ­նե­լով իր խոր հա­մո­զու­մը եւ նուի­րու­մը եկե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան գոր­ծին։ Այս­պի­սի ան­կեղծ տրա­մադ­րու­թե­նէն քա­ջա­լե­րուած կայս­րը երկու տարի ետք կը պա­տաս­խա­նէ կցելով նաեւ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Պատ­րիարք Տէր Մի­քայէ­լի նա­մա­կը, որ յոյն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ժո­ղո­վին կող­մէ ինը պայ­ման­ներ կը ներ­կա­յաց­նէր ցան­կա­լի միու­թեան իրա­կա­նաց­ման հա­մար։ 117­3ի Փետ­րուար 20ին Հռոմկ­լայի մէջ Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կ՚ըն­դու­նի կայ­սե­րա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը՝ եւ իր շուրջ հա­մախմ­բած եպիս­կո­պոս­նե­րով կը քն­նար­կէ առա­ջարկ­նե­րը։ Մին­չեւ Մարտ 11 կը տե­ւեն բա­նա­վէ­ճե­րը, որոնց ըն­թաց­քին յոյն դես­պան­նե­րը կը գաղտ­նա­զեր­ծեն Կա­թո­ղի­կո­սի կայս­րին ու­ղար­կած ան­ձնա­կան նա­մա­կի մա­սին, ինչ որ ժո­ղո­վա­կան եպիս­կո­պոս­նե­րուն մօտ մեծ շփոթ­մունք եւ վա­րա­նում կ՚առա­ջա­ցնէ։ Շնոր­հա­լի շատ կը տխ­րի, որով­հե­տեւ եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը հեշ­տաց­նե­լու լա­ւա­գոյն դի­տա­ւո­րու­թեամբ կատարած արար­քը՝ շա­տե­րու միտ­քը պղ­տո­րե­լու պատ­ճառ դար­ձած էր։

­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Պատ­րիար­քին պա­տաս­խան նա­մա­կը շատ պաշ­տօ­նա­կան բնոյթ ու­նի։ Հաս­ցէատի­րոջ ող­ջու­նե­լու բա­նա­ձե­ւէն ետք Հայ­րա­պե­տը եր­կու մա­սով կը վեր­լու­ծէ հար­ցը եւ ապա եզ­րա­փա­կե­լով իր նա­մա­կը կը ող­ջու­նէ սոյն հա­կիրճ բա­նա­ձե­ւով՝ «Ողջ լեր»։­

Ա­ռա­ջին մա­սին մէջ եկե­ղեց­ւոյ սկզբ­նա­կան շր­ջա­նի աս­տուա­ծա­պար­գեւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը նկա­րագ­րէ, երբ «բո­լո­րին մէջ ի վե­րուստ մէկ Հո­գի հե­ղուած էր... եւ բո­լո­րը Քրիս­տո­սին էին»։ Կը յայտ­նէ որ «ման­կու­թե­նէս սի­րե­լի էր ին­ծի այս խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որուն կը բաղ­ձայի հաս­նիլ», ու կը նկա­րագ­րէ թէ ինչ­պէս ակա­նա­տես եղած էր, շատ հա­ւա­նա­բար Սեաւ լե­րան վա­նա­կան­նե­րու, իմաս­տուն վար­դա­պետ­նե­րու հան­դիպ­ման, «ո­րոնց պէտք էր միայն կա­տա­րե­լու­թեան զօ­դը՝ սէ­րը, խա­ղա­ղու­թեան մայ­րը եւ ոչ թէ, Առա­քեալի ըսա­ծին պէս, Քրիս­տո­սի խա­չին ու­նայ­նա­ցու­ցիչ՝ խօս­քի ճար­տա­րու­թիւ­նը... որով­հե­տեւ բա­րու­թիւն­նե­րէն ոչինչ զու­գա­հա­ւա­սար է ճշ­մա­րիտ խա­ղա­ղու­թեան»։­

Երկ­րորդ մա­սին մէջ Շնոր­հա­լի կ՚ար­տա­յայ­տէ թէ բնա­կան կը գտ­նէ որ յոյ­նե­րու Պատ­րիար­քը հե­տա­մուտ ըլ­լար եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան, իրեն նման Աս­տուծ­մէ ստա­ցած ըլ­լա­լով տն­տես­վա­րե­լու, դաս­տիարա­կե­լու, բժշ­կե­լու եւ յատ­կա­պէս հայ­րա­կան խնամ­քով գուր­գու­րա­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։­

Եզ­րա­փա­կե­լով կը շեշ­տէ թէ միայն եր­կուս­տեք եկե­ղեց­կան հա­մա­գու­մար ժո­ղով մը կր­նայ ըն­թացք տալ, «հա­ւա­քուած Տի­րոջ ներ­կա­յու­թեան, որ խա­ղա­ղու­թեան խօս­քը պար­գե­ւէ բո­լո­րի մտ­քին ու լե­զուին, ...ուր բո­լո­րը, Աս­տու­ծոյ Հո­գիին խորհր­դակ­ցու­թեամբ հո­գի­նե­րու կա­ռուց­ման մա­սին խօ­սին»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2024, 07:54