Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Կարդինալ Փիցապալլա. «Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութիւնը միայն ներսէն կու գայ»

Սուրբ Երկրի Լատինաց պատրիարք, Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլայի երկարաշունչ հարցազրոյցը՝ Սուրբ Երկրի ներկայ իրավիճակի մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի լատինաց պատրիարքը, կարինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա, Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմէն երկու հարիւր օրեր ետք, հարցազրոյցի մը ընթացքին մատնանշեց, որ կատարուածը ցոյց կու տայ երկու պետութիւններ» լուծման անխուսափելիութիւնը եւ երկու պետութիւններու այլընտրանք չկայ, քան պատերազմի շարունակութիւնը։

Երկարաշունչ հարցազրոյցի մէջ կարդինալը իր խոր տխրութիւնը յայտնեց տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն համար եւ մեծ հիասթափութիւն այն կամուրջներու համար, որոնք կը թուին թէ վերջնականապէս փլուզուած են։

«Ես 34 տարիներէ ի վեր կ՝ապրիմ այս հողին մէջ, որ այժմ իմ հողս է եւ շատ բաներ տեսած եմ՝ պատերազմներ, բախումներ, սակայն կասկած չ՝ունիմ, որ սա ամենադժուար փորձութիւնն է, որուն ստիպուած ենք դիմակայել» ըսաւ Լատինաց պատրիարքը։ Ան ապա անդրադարձաւ բարեսիրական գործունէութիւններուն, նշելով որ այդ գործունէութիւններու առաջին ձեւը ունկնդրութիւն է ու այս առնչութեամբ յարեց, թէ վերջերս Գալիլիա հովուական այցելութեան ընթացքին հանդիպած է տեղւոյն կրօնապետերու հետ։

«Անոնց միտքը լսելը առանց նախապաշարումներու չնշանակեր կիսել անոնց միտքը, քանի, որ ժողովուրդը, երբ որ կը տեսնէ, որ առաջնորդները իրարու հետ կը խօսին, անոնք կը մտածեն նոյնը կատարել յաղթահարելու համար անվստահութիւնը, ըսաւ Կարդինալը ընդգծելով որ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը այս պատերազմին մէջ մինչ այժմ մեծ կշիռ ունեցած են եւ Պապին բազմաթիւ զգուշացումները՝ պատանդները ազատ արձակելու եւ Կազայի տարածքին մէջ անյապաղ զինադադար հաստատելու կոչերը մտած են այս պատերազմի պատմութեան մէջ։

Մեկնաբանելով ապա Կազայի մէջ վերջին լուրերը, Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքը ըսաւ երկու օր առաջ հասած են սննդամթերքով լեցուն երկու բեռնակառքերը ու վերջապէս մարդիկ կրնան ուտել կարեւոր սննդարար բան սակայն իրավիճակը այժմ շատ քէշ է ու ժողովրդապետութեան մէջ կը գտնուին 500 անձեր։

Կարդինալ Փիցապալլա յայտնեց որ Կազան վերակառուցելու համար, տասնեակ տարիներու պէտքը կայ ու ամէն ինչ քանդուած է ,տուները, ճամբաները, կարիքը կայ հսկայական միջազգային ջանքերուն։

Կը կարծեմ, որ այն ինչ որ պատահեցաւ այս վեց ամիսներուն, յստակ ցոյց տուաւ «երկու պետութիւն» լուծման անխուսափելիութիւնը։ Երկու պետութիւններու այլընտրանք չկայ, քան պատերազմի շարունակութիւնը, սակայն երկու պետութիւնները պէտք են փոխուիլ ներսէն ու իրենք իրենց վերանային», ըսաւ ծիրանաւորը մատնանշելով որ Երկու պետութիւնները պէտք է որ զինուին արժէքային նոր հորիզոններով, քանի որ կարելի չէ, որ երկուքին ընկերային լուծումը թշնամիներէն պաշտպանուիլ է։ Եթէ անոնք այդ չկատարեն, լրջօրէն իրենց ապագան պիտի վտանգեն»


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2024, 11:29