Որոնել

Փարիզի Աստուածմօր տաճարը հրկիզուելէ ետք Փարիզի Աստուածմօր տաճարը հրկիզուելէ ետք  (GONZALO FUENTES)

Փարիզի Աստուածամօր «Նոթր Տամ» տաճարը կը վերածնի իր մոխիրներէն

Փարիզի «Նօթր Տամ» տաճարի տեսուչ, հար Օլիվիէ Ռիպատօ Տումաս զրուցեց եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներու մասին յայտնելով որ վերականգնումի աշխատանքներէն ետք տաճարը շատ աւելի գեղեցիկ դառձած է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը, վերանորոգումի երկար աշխատանքներէ ետք այժմ կը գտնուի վերաբացման սեմին, որ մեծապէս աւերուեցաւ, անցեալ 15 ապրիլի 2019ին՝ գիշերը բռնկուած սարսափելի հրդեհէ։ Նախատեսուած է, որ տաճարին վերաբացումը կատարուի դեկտեմբեր ամսոյն։

«Նօթր Տամ» Տաճարին տեսուչ, հար Օլիվիէ Ռիպատօ Տումաս անդրադառնալով եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներու նշեց, որ Փարիզի Մայր տաճարը վերականգնումի աշխատանքներէն ետք շատ աւելի գեղեցիկ պիտի դառնայ եւ ամենէն առաջ աւելի ողջունելի բոլոր կաթողիկէներուն եւ իւրաքանչիւր այցելուի համար, որ տաճար կ՝երթայ աղօթելու եւ Աստուած փնտռելու ընդգծելով, որ Փարիզի Մայր եկեղեցւոյ վերածնունդը, ողջ աշխարհի թեմերու կաթողիկէներուն համար կը ներկայացնէ յոյսի նշան։

Հայր Օլիվիէն նկատել տուաւ, որ հրդեհէն անմիջապէս ետք, 2019ին ֆրանսայի մէջ անմիջապէս ընդունուեցաւ օրէնք մը, որով ստեղծուեցաւ տաճարի վերականգման համար, պետութեան սեփականութեան հանդիսացող պատասխանատու հասարակական մարմին մը ու այդ ընկերութիւնը նախ իրականացուց անվտանգութեան աշխատանքները, որ տեւեց շուրջ 18 ամիս, ապա վերակառուցումի աշխատանքները։ «Այսօր կը հասնինք այդ աշխատանքի վերջին փուլին» ըսաւ Հայր Օլիվիէ դիտել տալով, որ եկեղեցւոյ ներսի մասը արտասովոր տեսք ստացած է՝ քարերու եւ պատուհաններու վերականգումէն ետք։ Մատուռները որոնք բոլորովին սեւցած էին այժմ գոյն ստացան ու կը փայլին։

«Նոթր Տամ»ի տեսուչ, Հայր Օլիվէ նկատել տուաւ, որ Հրդեհէն առաջ հաւանաբար բոլորս գիտակից չէինք, թէ ողջ աշխարհը ինչքան կապուած էր «Նոթր Տամ»ին հետ։ Հրդեհէն քիչ մը ետք ակադեմկան ֆրանսացի Ատրիէն Կոէթզ խօսած է մարդկութեան մայր տաճարին մասին, ինչ որ կը բացատրէ, թէ այս եկեղեցին չպատկանիր, ոչ մէկուն, ոչ կաթողիկէներուն եւ ոչ ալ ֆրանսացիներուն, այլ կը ներկայացնէ մարդկութեան ընդհանուր բարօրութեան մէկ մասը, ուր Անարատ Կոյսի հովանիի ներքոյ բոլորը կարող են ապաստան գտնել, ըսաւ Հայր Օլիվիէն յոյս յայտնելով, որ գալիք տասնամեակներուն եկեղեցւոյ մէջ շատ մարդիկ հանդիպին Քրիստոսի հետ հետեւելով գրող եւ բանաստեղծ Փոլ Քլոտէլի հետքերուն, որ 25 դեկտեմբեր 1886ին, Ծնունդի տօնին պատարագի ժամանակ մտնելով Աստուածամօր տաճարը, մէկ ակնթարթի մէջ հաւատաց։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2024, 11:52