Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի առաջին նամակին – Դ. Մաս

Հաղորդաշար (52) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Յոյներու Մանուէլ կայսրին ուղղած իր նամակի աւարտին՝ Շնորհալի իրական դատաստանի մը օրինակով կը պատկերացնէ միջեկեղեցական երկխօսութիւնը, մանրամասնօրէն նկարագրելով իւրաքանչիւր դերակատար եւ հիմնարար սկզբունք:

«Եթէ Աստուծոյ ողորմութիւնը խաղաղութեամբ աւարտին հասցնէ այս շէնքը՝ որու հիմերը Ձեզմէ դրուեցան եւ միասին համախմբուածները քննարկման անցնին, Քրիստոս վէմը դնենք մեր երկու բաժնուած պատերուս անկիւնաքար եւ թագաւոր, ինչպէս որ ճշմարտապէս ալ է»:

Միայն Քրիստոսի վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը արգասաբեր կրնայ ըլլալ, որովհետեւ ուր մարդկային եսը ներխուժէ, հոն միայն անհամաձայնութիւն, կռիւ եւ բաժանում կրնայ առաջ գալ, որու իսկական պատկերը՝ Բաբելոնի աշտարակն է, իսկ քրիստոսակեդրոն միութիւնը՝ միայն զիջող, հաշտարար, եւ միաձուլող արդիւնք կ՚ունենայ:

«Դատաւորը՝ առաքեալներու, մարգարէներու եւ եկեղեցւոյ ուղիղ վարդապետներու գրութիւններն են»:

Բանավէճի վճռորոշ հիմքը՝ առաքելական, մարգարէական եւ ուղղադաւան վարդապետներու գրութիւնները որդեգրելով՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի կը ներկայանայ որպէս Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան եւ գործընթացին ջատագով, անգամ մը եւս հաստատելով քրիստոնեայ հասարակութեան միութեան հիմքը կազմող Աստուածաշունչն ու Եկեղեցական աւանդութիւնը՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուած Սուրբ Հայրերու գործերով:

Իսկ մենք իւրաքանչիւրս՝ դատախազներու նման կանգնած թագաւորին եւ դատաւորներուն դիմաց՝ ատենախօսութեամբ բանավիճելով իրենցմէ արդարութիւն խնդրենք»:

Քննարկումը, պարզաբանումը, պատճառաբանուած եւ առողջ բանավէճը՝ անհրաժեշտ պայման է Ս. Ներսէս Շնորհալիի համար՝ հարցերը յստակելու, տարակոյսները փարատելու եւ սեփական դիրքորոշումը ոչ թէ մոլի կուրութեամբ պարտադրելու, այլ հիմնաւորմամբ ներկայացնելու:

«Եւ որու խօսքին եւ օգուտին վկայեն դատաւորները՝ թէ ուղիղ է եւ իրենց կամքին համաձայն, այդ ընդունինք առանց հակառակելու: Եւ այն ինչ որ վկայեն ճշմարտութենէ դուրս, թէ՛ հաւատքի դաւանանքին եւ թէ՛ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն մէջ, ըլլա՛յ մեր մօտ թէ ձեր մօտ, անոնցմէ երկուքս ալ հրաժարինք»:

Այս պատկերաւոր բացատրութիւնը հիմնաւոր, արդար, ուղիղ եւ անկողմնակալ քննարկման մը այժմէական առաջարկ է, արգասաբեր եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը ծաւալելու համար:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2024, 07:44