Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի առաջին նամակին – Գ. Մաս

Հաղորդաշար (51) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ամբարտաւանութենէն ծնած ատելութեան, նախանձի, կռիւներու եւ բաժանումի դեղն ու դարմանը Ս. Ներսէս Շնորհալի կը նշանակէ խոնարհութիւնը, քաղցրութիւնն ու հեզութիւնը, որոնցմէ պէտք է ծնի սէրը, որ պիտի կասեցնէ ատելութիւնը, պիտի դադրեցնէ փոխադարձ հայհոյանքները եւ պիտի աւետէ յաղթանակող հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը: Մէկ խօսքով այս սէրը պէտք է գործի վերածուի եւ միայն խօսքով չսահմանափակուի, քանի որ եօթհարիւր տարի եւ աւելի կայացած բաժանումը բուժելու համար գործնական եւ ազդու սպեղանիներ պէտք են:

Այս համոզումով Հայրապետը յստակօրէն կայսրին կը գրէ թէ բաւարար չէ միայն իր անհատական տրամադրութիւնը, այլ անհրաժեշտ է նաեւ «ձեր եկեղեցական դասինն ու ռամիկ ժողովուրդինը, որ մեզ ատելն ու հայհոյելը արդարութիւն կը համարին, աստուածային պատուիրաններու գործադրում եւ երկնքի արքայութիւնը ժառանգելու բաւարար պատճառ»:

Քաջ հովիւը խիզախութեամբ կը պահանջէ. «Հրամայեցէք հրաժարիլ այնպիսի կռուասէր բարքէ եւ սիրով ու խաղաղութեամբ վարուիլ մեզի հանդէպ, որ նժդեհ ու պանդուխտ ենք», նշելով որ պատճառը՝ որու համար հայերը կը խորշին յոյներէն՝ եկեղեցիներու կործանումն է, Քրիստոսի խաչերու խորտակումը, բազմապիսի նեղութիւնները եւ զրպարտութիւնները որոնց ենթարկուած են հայ հոգեւորականները, «այնպիսի բաներ որ չենք տեսած անգամ Քրիստոսի թշնամիներէն, որոնց մօտիկ կը գտնուինք, գործեր՝ որ ոչ միայն չեն միաւորեր բաժնուածները, այլ միացածները իրարմէ կը պառակտեն»:

Եկեղեցիներու միութեան գործընթացին համար անհրաժեշտ երկրորդ քայլը՝ աղօթքն է, Շնորհալի կ՚առաջարկէ որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք կատարուի, որպէսզի Աստուած թոյլ չտայ խորամանկ սատանայի խափանարար ջանքերը, այլ իր ողորմութեամբ վերջ տայ եկեղեցւոյ ցաւագար վիճակին եւ «այսուհետ նոր Սիոնի ժողովուրդը հաւաքէ միաբանելու սիրով եւ բոլորի ուրախութեան պատճառն Աստուած ուրախանայ իր սուրբ հրեշտակներուն հետ մէկտեղ՝ մեր հաշտութեան համար»:

Առողջ երկխօսութեան երրորդ նախապայմանը որ Ս. Ներսէս Շնորհալի կ՚առաջարկէ կայսրին՝ հաւասարութեան սկզբունքն է, որովհետեւ, կ՚ըսէ, «աննիւթական շնորհքով՝ Քրիստոսի հաւատացեալները, մեծ թէ փոքր, մէկ են ըստ Պօղոս առաքեալի»: Եւ հետեւաբար, այս երկխօսութիւնը պէտք չէ ըլլայ «ինչպէս տէրը ծառաներուն եւ ծառաները տիրոջ հետ, ուր դուք մեր պակասութիւնները մեր դիմաց դնէք եւ մենք չհամարձակինք ձեզի ներկայացնել բաներ որ ձեր մէջ մեզ կը գայթակղեցնեն»:

Մէկ խօսքով, Շնորհալի համամիութենական երկխօսութիւնը ամբողջապէս կը հիմնէ Քրիստոսի վրայ, սիրոյ մղիչ ոյժով, խոնարհութեան եւ քաղցրութեան մթնոլորտի մէջ, եւ կատարեալ հաւասար պայմաններով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 08:20