Որոնել

Յիսուս յարութիւն կու տայ Ղազարոսին Յիսուս յարութիւն կու տայ Ղազարոսին 

«Ղազարոսի Յարութիւնն ու Ծաղկազարդը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Շատեր կու լան իրենց վիճակին «նեխածութեան» վրայ, կարծելով որ անկարելի է Աստուծոյ, որ փոխէ իրենց ապրածը: « Ծանր քար » կայ մեր կեանքերուն վրայ եւ գործերը կը « նեխին»: Սակայն բաւարար է, Ղազարոսի քոյրերուն նման, Յիսուսի դիմել եւ իսկոյն պիտի տեսնենք հրաշքը: Որովհետեւ Ինքն է՝ Կեանքը եւ Յարութիւնը: Այս պատճառով մենք ալ Երուսաղէմի մանուկներուն նման կ'աղաղակենք ըսելով՝ Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

“Ո՜վ Քրիստոս Աստուած, Քու չարչարանքներէն առաջ Ղազարոսը մեռելներէն յարուցանելով, դուն հաստատեցիր ընդհանուր մարդկութեան յարութիւնը: Այս յաղթանակին դիմաց, որպէս զաւակներ կ'աղաղակենք Քեզի եւ կ'ըսենք՝ Ո՜վ մահուան յաղթող, Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով:”

Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքին մէջ տեսանելի յաղթանակները քիչ եղած են: Ան թագաւորութեան մը մասին քարոզեց, որ «այս աշխարհէն չէ»։ Յիսուսի ծննդեան ժամանակ «պանդոկները տեղ չկային»: Մօտաւորապէս երեսուն տարիներ, մինչ Ան կ'աճէր «իմաստութեամբ եւ հասակով (Ղուկաս 2.52), Ան ապրեցաւ անյայտօրէն, որպէս «Մարիամի որդին»: Երբ Ան սկսաւ Իր հանրային ծառայութիւնը Նազարէթի մէջ, Իր մասին առաջին լսողները հարցուցին՝ «կարելի է Նազարէթէն լաւ բան մը դուրս գայ»: (Յովհ. 1։46)։ Ի վերջոյ Ան խաչուեցաւ երկու աւազակների միջեւ եւ թաղուեցաւ ուրիշ մարդու մը գերեզմանին մէջ:

Որպէս բացառութիւն վերեւ յիշուածներուն, կրնանք դուրս առնել երկու օրեր. եւ այդ օրերը նկատել որպէս յաղթանակի օրեր: Եկեղեցին այս օրերը մեզի կը ներկայացնէ, որպէս Ղազարոսի Շաբաթ օրը եւ Ծաղկազարդը: Անոնք միասնաբար մեզ կը փոխադրեն Մեծ Պահքի քառասնօրեայ ժամանակաշրջանէն դէպի աւագ շաբաթ: Անոնք Տիրոջ չարչարանքներէն առաջ մեզի կու գան, որպէս եզակի օրեր: Անոնք երկրային տեսանելի եւ յաղթանակի, յարութեան եւ մեսիական ուրախութեան օրեր են, որոնց մէջ գործօն ներկայութիւն նոյնինքն Քրիստոսն է: Միեւնոյն ժամանակ անոնք օրեր են, որոնք իրենցմէ դուրս կը խորհրդանշեն վերջնական յաղթանակը եւ գալիք թագաւորութեան գրաւականը:

Աւետարանը մանրամասն կը պատմէ, թէ ինչպէս է Քրիստոս Իր մահէն վեց օրեր առաջ, գնաց Բեթանիա՝ Իր բարեկամին քաղաքը: Ան տեղեակ էր Ղազարոսի մօտալուտ մահուան մասին, բայց դիտումնաւոր կերպով յետաձգեց Իր գալուստը իր աշակերտներուն ըսելով՝ «Ձեզ համար ուրախ եմ, որ այնտեղ չէի, որպէսզի դուք հաւատաք» (Յովհ. 14): Ան Բեթանիա երթալով յատուկօրէն ուզեց զինք շրջապատող մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել:
Երբ Յիսուսը հասաւ Բեթանիա, Ղազարոսն արդեն չորս օրուայ մահացած էր։ Յիսուսի դիմաց կար մահացած մարդ մը: Ս. Յովհաննէս Դամասկոսցի օրհներգելով այս պատկերը կը գրէ՝ «Ես կու լամ եւ կ'ողբամ, երբ մտածեմ մահուան մասին. կը տեսնեմ մարդուն գեղեցկութիւնը, որ Աստուծոյ պատկերով կերտուած է, ահաւասիկ կը ննջէ գերեզմանի մը մէջ՝ անարգուած , այլանդակուած, եւ զուրկ իր իսկական կերպարանքէն»: Մարդը, որ ստեղծուած էր Աստուծոյ կողմէն Իր պատկերով եւ նմանութեամբ, մահը կործանած էր զայն, որովհետեւ ան հեռացած էր Աստուծմէ եւ կորսնցուցած իր գեղեցկութիւնը, իր հպարտութեան պատճառով:

Աւետարանը կը նշէ, որ մահուան այս տեսարանին դիմաց «Յիսուսը լացաւ» (Յովհ. 11:35): Այս պահուն Ղազարոսը՝ Քրիստոսի ընկերը, կը ներկայացնէր բոլոր մարդկութիւնը: Յիսուսը լացաւ, երբ տեսաւ «շատ լաւ» ստեղծագործութիւնը եւ անոր թագաւորը՝ մարդը, որ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ լեցուն էր կեանքով եւ ուրախութեամբ. ահաւասիկ ան թաղուած է Երուսաղէմէն դուրս գերեզմանի մը մէջ, ամբողջական խաւարով շրջապատուած: Հոն գտնուող մարդիկը տատամսեցան գերեզմանի քարը վերցնելու, որովհետեւ չորս օրուայ մեռելի հոտը գարշելէ էր: Այդ գարշելիութիւնը ցոյց կու տար, թէ մարդոց աչքին կարելի չէր այդ գերեզմանէն դուրս գալը:
Երբ քարը գերեզմանէն հեռացուցին , Յիսուսն աղօթեց Իր Հօրը ապա բարձրաձայն աղաղակեց եւ ըսաւ՝ «Ղազարո՛ս, դուրս եկուր»։ Իսկոյն Ղազարոսը յայտնուեցաւ գերեզմանի մուտքի մօտ: Ժողովուրդը ապշած էր: Շատերն անմիջապէս հաւատացին Յիսուսին, եւ մեծ բազմութիւն սկսաւ հաւաքուիլ Իր շուրջը: Այս բոլորին յաջորդեց թագաւորական մուտքը Երուսաղեմ։

Քրիստոս կը ներկայացնէ աշխարհին այս իրականութիւնը, Իր տառապանքներուն եւ մահուան նախօրեակին, որպէսզի մեզ քաջալերէ եւ մեր մէջ հաւատք ներշնչէ: Շատեր կու լան իրենց վիճակին «նեխածութեան» վրայ, կարծելով որ անկարելի է Աստուծոյ, որ փոխէ իրենց ապրածը: « Ծանր քար » կայ մեր կեանքերուն վրայ եւ գործերը կը « նեխին»: Սակայն բաւարար է, Ղազարոսի քոյրերուն նման, Յիսուսի դիմել եւ իսկոյն պիտի տեսնենք հրաշքը: Որովհետեւ Ինքն է՝ Կեանքը եւ Յարութիւնը: Այս պատճառով մենք ալ Երուսաղէմի մանուկներուն նման կ'աղաղակենք ըսելով՝
Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2024, 09:15