Որոնել

Աղօթել լռութեան մէջ Աղօթել լռութեան մէջ 

«Կիրակին Սուրբ Պահէ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Տիրոջ օրուան ներկայութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, թէ տիեզերքն ու պատմութիւնը Աստուծոյ կը պատկանին, եւ թէ մարդը չի կրնար նուիրագործուիլ իր արարչական ասպարէզին մէջ առանց յիշելու այս իրականութիւնը :
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Օր մը, երբ մեթրոյէն կ'ելլէի, մեծ ծանուցում մը ուշադրութիւնս գրաւեց՝ «Պայքարեցէ'ք Կիրակի օրը աշխատելու դէմ» : Կարելի է խորհիլ Կիրակի օրուան իմաստին մասին որպէս «Տիրոջ օր» քրիստոնեաներուս համար եւ հետեւաբար, աղօթքին եւ աղօթելու նշանակութեան մասին : Արդեօ՞ք կիրակնօրեայ գործը պիտի փոխարինէ Կիրակի օրուայ աղօթքը:

Պատասխան մը ունենալու համար, հարկ է վերադառնալ Հին Կտակարանին եւ մեր քրիստոնէական պատմութեան :
Երբ մենք մեզ կը հարցնենք թէ ինչո՞ւ կ'աշխատինք, բազմաթիւ պատասխաններ կը յայտնուին մեր առջեւ: Նախ եւ առաջ, կ'աշխատինք ապրելու եւ սնանելու համար, զարգանալու համար, ճանչցուելու համար ընկերային կեանքին մէջ, եւ վերջապէս կը նկատենք գործը իբրեւ պարտականութիւն եւ պաշտօն : Բոլոր մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, գործը կարեւոր մաս կազմած է մարդուն եւ կնոջ կոչումին. «մարդը կ'ապրի պարտէզին մէջ՝ զայն մշակելու եւ պահելու համար» (Ծնն 2, 15): Գործը միշտ ներկայ իրականութիւն մըն է Հին Կտակարանին մէջ, սքանչելի իրականութիւն մը, որովհետեւ ան կարեւոր ինչք մըն է տրուած Աստուծմէ մարդուն՝ իր լաւութեան համար, որովհետեւ Ան վստահութիւն ունի մարդուն աշխատելու կարողութեան վրայ: Առ ի հետեւանք, մարդը կը մասնակցի ստեղծագործութեան վսեմ ասպարէզին եւ զայն կ'ամբողջացնէ :

Ճոն Րուսկին կ'ըսէր՝ «Աշխատելու ծայրագոյն վարձատրութիւնը այն չէ, թէ ինչ որ կը շահինք, այլ ինչ կ'ըլլանք» : Իսկ եթէ պէտք է աշխատիլ ամէն օր, նոյնիսկ կիրակի օրը, ուրեմն մենք մեզի պարտական ենք հարցնելու թէ ո՞ւր է աղօթքին տեղը մեր կեանքէն ներս եւ ինչո՞ւ կ'աղօթենք: Աղօթքը ժամանակ մըն է, երբ մարդը կը հաղորդակցի Աստուծոյ հետ : Արդ, Ան ներկայ է մարդուն սրտին մէջ եւ կեդրոնանալու ենք Ջինք գտնելու համար : Աղօթքը մեզ կու տայ բարեկեցութիւնը, շնորհք մը՝ մեր կատարելիք գործերուն մէջ եւ ըլլալու հաղորդական հանդէպ բոլոր անոնց որ մեր շուրջը կ'ապրին: Մեզ կ'արտօնէ կապ պահելու Աստուծոյ հետ եւ մեր բոլոր գործունէութիւններուն կ'ապահովէ լիուլի յաջողութիւն :
Եկեղեցին կը պատուիրէ մեզի ժամանակ մը տրամադրելու աղօթքի եւ արդէն նշանաւոր սուրբերը եղած են միշտ մեծ աղօթողներ: Աղօթել, կը նշանակէ Ասուծոյ հետ խօսիլ, զինք բարեբանելու եւ պանծացնելու, Իրեն փառք տալու եւ Իրմէ խնդրելու շնորհքները որոնց կարիքը ունինք, ինչպէս կ'ըսէր Սուրբ Օգոստինոսը : Աղօթել, կը նշանակէ արժեւորել Աստուծոյ հայեացքը մեր վրաց :

Աստուած աշխարհը ստեղծեց վեց օրէն եւ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ : Եկեղեցին ալ կը պատուիրէ բոլորին կիրակի օրը աղօթել եւ հանգիստի տրամադրել. Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը իր առաքելական թուղթին մէջ մեզ կը յիշեցնէ կիրակի օրուան սրբութիւնը :

Մեր արդի ընկերութեան մէջ արժանիքները հոմանիշ են շահի, մրցակցութեան եւ շահաւէտութեան. եւ երբ այս բոլորը կը ստանանք աւելի եւս աշխատելով, կը մտածենք, թէ Աստուծոյ եւ աղօթքի տեղ չկայ : Արդե՞օք Հին Կտակարանին ոսկի յորդը դարձեալ պիտի պաշտենք... : Յուսանք թէ ո՛չ...

Որպէս եզրակացութիւն, մէջբերենք Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի հետեւեալ խօսքերը «Տիրոջ Օրը» առաքելական թուղթէն՝ «Յիսուսի տրամադրուած ժամանակը կորսուած ժամանակ չէ, այլ շահի ժամանակ մը մեր յարաբերութիւններուն խորունկ մարդկայնութեան» :

Տիրոջ օրը այն կարեւոր օրն է մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ յարաբերութիւններուն համար, երբ մարդը իր Տիրոջ երգեր կը բարձրացնէ, կը ներկայացնէ ամբողջ իր մարդկութեան :

Տիրոջ օրուան ներկայութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, թէ տիեզերքն ու պատմութիւնը Աստուծոյ կը պատկանին, եւ թէ մարդը չի կրնար նուիրագործուիլ իր արարչական ասպարէզին մէջ առանց յիշելու այս իրականութիւնը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2024, 08:38