Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

«Սուրբ ճգնաւորօքն Աղաչեսցուք զՏէր» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Նայինք սուրբերուն եւ ճգնաւորներուն օրինակին. սորվինք իրենցմէ եւ եթէ դժուարութիւն ունենանք իրենց նման մեղքի դէմ պայքարելու, իրենց բարեխօսութիւնը հայցենք: Վստահ եղէք անոնք, որ Տիրոջ հետ են երկնքի մէջ, պիտի հասնին մեր օգնութեան:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Եկեղեցին իր աղօթքները կը բարձրացնէ Աստուծոյ հայցելով բարեխօսութիւնը Ս. Աստուածածնի, սուրբերուն եւ ճգնաւորներուն: Ս. Կոյսի դեռը իւրայատուկ է եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ան մայր է եւ տիրուհի: Այդ պատճառով ալ միշտ մեր աղօթքներուն կը յիշենք «եւ վասն սրբուհի Աստուածածնին». կամ «բարեխօսութեամբ Ս. Աստուածածնի»: Ս. Կոյսին կողքին կը յիշենք օրուայ սուրբը ինչպէս նաեւ սուրբ հայրերն ու ճգնաւորները:
Ինչո՞ւ համար կը յիշենք ճգնաւորները:

Ներկայ նիւթականացած աշխարհին համար ճգնելու գաղափարը ծիծաղելի է եւ անըմբռնելի: «Անոնք որո՞ւ օգուտ կ'ըլլան» արտայայտութիւնը յաճախ կը լսենք մարդոց բերնէն: Բայց եւ այնպէս ճգնաւորներու եւ ճգնութեան իրականութիւնը բոլորովին տարբեր բան մը կ'ըսէ մեզի:

Մարդը իյնալով Եդեմի երանական վիճակէն, աղաւաղեց Աստուծոյ պատկերը իր մէջ, որով ստեղծուած էր: Իսկական մարդը ան չէ, որ կ'ապրի աշխարհի վրայ: Եթէ ուզենք գիտնալ, թէ ինչպէս կ'ըլլայ իսկական մարդու կերպարը, նայինք մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի: Իսկական մարդու պատկեր կրողը ան է, որ Յիսուսի նման միշտ կ'ապրի Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդելով եւ Հօրը կամքը կատարելով: Յիսուս յաղթանակ տանելով Չարին վրայ, մեզի ալ տուաւ այդ յաղթանակին զօրութիւնը: Տուաւ զօրութիւն, որ մեղքը՝ կիրքերն ու վատ սովորութիւնները մեր մէջէն պոկենք եւ հանենք, ինչ որ առիթ պիտի տայ մեզի, որպէսզի նմանինք մեր երկնաւոր Հօր, որու պատկերով առաջին մարդը ստեղծուած էր: Պիղատոս Երուսաղէմի կուսակալը երբ Յիսուս բերաւ ամբոխին դիմաց ըսաւ՝ «ահաւասիկ մարդը»: Մարգարէութիւն էր որ ան անգիտակցաբար կատարեց:

Ճգնաւորներն այս ընթացքին մէջ սովորական մարդէն աւելի յառաջ են: Անոնք առանցնանլով եւ հեռանալով այս աշխարհէն, կատաղի պայքար կը մղէին մեղքի եւ կիրքերու դէմ: Եւ իսկոյն շատ անգամ կը հասնէին ամբողջովին արմատախիլ ընելու իրենց կիրքերը: Անոնց պատմութիւններէն կը կարդանք, որ որոշ մեղքէ մը ձերբազատելու համար երկար տարիներ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կը մարտնչէին, մինչեւ որ յաղթանակ տանէին: Այս պատճառով իրենց համար կ'ըսուի հրեշտակային կեանք կ'ապրէին: Ս. Ներսէս Շնորհալի իր շարականներուն մէջ կը յիշէ, որ անոնք երկնայիններու կողմէ բաղձալի են: Այսինքն հրեշտակները կը փափաքէին ունենալ իրենց վիճակը: Անոնց կեանքերը մեզի օրինակ են եւ իրենց խօսքերը մեզի օրէնք: Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը կազմուած է իրենց Ս. Հոգիով ներշնչուած իմաստութենէն: Այս պատճառով ճգնարանն ու վանքերը կը նմանցուին երկնային տարածքներու:

Կարելի՞ է աշխարհականի մը, որ ճգնաւորական կեանք մը ապրին: Եկեղեցին շատ մը գիրքեր եւ օրինակներ ունի այս իմաստով, ուր մեր առջեւ կը դնէ աշխարհականներ՝ ընտանիքի տէր մարդիկ եւ գործարարներ, որոնք նմանելով սուրբ հայրերու եւ ճգնաւորներու օրինակին, կրցան յաղթել աշխարհին: Լոկ օրինակի համար յիշեմ Սուրբ Ճուզեպպէ Մոսկատին ( San Giuseppe Moscati ): Սուրբը բժիշկ մըն էր, որ իր կեանքը նուիրած էր աղքատներուն ձրիաբար բժշկելու: Ան Երկար ժամեր կ'անցնէր աղօթքով. մինչեւ իսկ աստուածային ներշնչումով ան կարող էր հիւանդութիւններ ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարելու: Իրէն գործակից բժիշկները, որոնք հսկայական գումարներ կը դիզեն իրենց աշխատանքէն, միշտ կը ծիծաղին սուրբին վրայ: Սակայն սուրբը աղօթքով Տիրոջ դէմքը կը փնտռէր եւ բաւարար էր իրէն համար սիրել իր նմանը առանց որեւէ նախապաշարումի:

Ճգնաւորներ, որոնք հրեշտականման կեանք կ'ապրէին, զգայուն էին ամենափոքր մեղքի հանդէպ: Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետը, լման մատեան մը գրեց ողբալով իր մեղքերուն վրայ. մեղքեր, զորս աշխարհական մարդը չի կրնար ըմբռնել, ուր մնաց անոնցմէ հեռու մնան:
Հրաւէրը մեզի այս պահոց շրջանին հետեւեալն է՝ նայինք սուրբերուն եւ ճգնաւորներուն օրինակին. սորվինք իրենցմէ եւ եթէ դժուարութիւն ունենաք իրենց նման մեղքի դէմ պայքարելու, իրենց բարեխօսութիւնը հայցենք: Վստահ եղէք անոնք, որ Տիրոջ հետ են երկնքի մէջ, պիտի հասնին մեր օգնութեան:

Տէ՜ր, Վասն Ս. Աստուածածնի եւ սուրբ հայրերու եւ ճգնաւորներուն անսա մեզի եւ կեցո զմեզ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2024, 08:20