Որոնել

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Հերվի Մակրոն Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Հերվի Մակրոն 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Հերվի Մակրոն

Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ «ժողովին ընթացքին, ներկաները քննարկած են եկեղեցական ու ազգային հիմնախնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող պայմանները, անդրադառնալով այն դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն, որ կը կրեն Եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակները, յատկապէս՝ Արցախի աղետալի պայմաններուն հետեւանքով»։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Աշրաֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեցաւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Հերվի Մակրոն, ներկայութեամբ՝ Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր պատրիարքական փոխանորդ՝ Գերյ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեանի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակի պատասխանատու՝ Գերյ. Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի, Պատրիարքութեան քարտուղար՝ Գերյ. Հայր Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեանի, Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանի, Տիար Միշէլ Տէ Շատարեւեանի եւ Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխատանու՝ Շարպէլ Պասթուրիի:
Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ «ժողովին ընթացքին, ներկաները քննարկած են եկեղեցական ու ազգային հիմնախնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող պայմանները, անդրադառնալով այն դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն, որ կը կրեն Եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակները, յատկապէս՝ Արցախի աղետալի պայմաններուն հետեւանքով»։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ «ներկաները արծարծած են Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ առընչուող տագնապը եւ անոր ազդեցութիւնը պետական հաստատութիւններու կայուն ու շարունակական գործընթացքին վրայ, կոչ ուղղելով այս ուղղութեամբ շուտափոյթ ձեւով հանրապետութեան նախագահ ընտրելու։ Անոնք նաեւ անդրադարձած են Լիբանանի հարաւին մէջ տիրող ռազմական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով երիտասարդները կը գաղթեն արտերկիր, դատապարտելով այս գծով բռնութիւնները, սպանութիւնները եւ խուճապը: Անոնք աւարտին յոյս յայտնած են, որ Լիբանան վերականգնի եւ վերստին ծնունդ առնէ Յարուցեալ Փրկիչին հետ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 11:12