Որոնել

Մալթային ասպետական կարգի դրօշակը Մալթային ասպետական կարգի դրօշակը 

Քրաքովիոյ մէջ աւարտեցաւ համայն աշխարհի մէջ Մալթայի Ասպետական կարգի հիւանդանոցներու միջազգային հանդիպումը

Լեհաստանի մայրաքաղաք Քրաքովիայի մէջ գումարուեցաւ Մալթայի Ասպետական կարգի հիւանդանոցներու 30-րդ համաժողովը, զոր սկիզբ առաւ ուրբաթ 15 մարտին եւ աւարտեցաւ 17 մարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեհաստանի մայրաքաղաք՝ Քրաքովիայի մէջ գումարուեցաւ Մալթայի Ասպետական կարգի հիւանդանոցներու 30-րդ համաժողովը, զոր սկիզբ առաւ ուրբաթ մարտին եւ աւարտեցաւ 17 մարտին։

«Թեւերդ ծալէ եւ ձեռնհասութեամբ ծառաէ» նիւթով համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 120 հիւանդանոցներ եւ Մալթայի Ասպետական կարգի պատկան մարդասիրական կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն աւելի քան 130 երկիրներուն մէջ։

 Լեհաստանի Քրաքովիա մայրաքաղաքը Համաժողովին որպէս վայր ընտրուելու նպատակն եղաւ՝ քննարկելու համար աշխարհի մէջ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն ներկայ իրավիճակը, ընդգծել Ուքրանիոյ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտիկութիւնը, ինչպէս նաեւ Մալթայի Ասպետական կարգի կողմէ կատարուած մարդասիրական հսկայ գործունէութիւնները, յատուկէն Ուքրանիոյ սահմաններու մօտակայքը՝ գաղթականներուն, տեղահանուածներուն, վիրաւորներուն օգնելու համար։ Քրաքովիան համաժողովողին որպէս վայր ընտրելու նպատակն է նաեւ յարգանքի տուրք մատուցել Լեհ ժողովուրդին, որ իր տուներուն, դպրոցներուն մէջ ընդունեց հազարաւոր գաղթականները, երաշխաւորելով անոնց ընկերային, առողջապահական խնամակալութիւնը։

Համաժողովին գլխաւոր նիւթերը էին Հոգեւորականութիւնը Մալթայի Ասպետական կարգի գործերուն, ճգնաժամային իրավիճակներուն մէջ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնն ու համակարգումը, ինչպէս նաեւ ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային մարզերը։ Քննարկումի նիւթ եղան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տիրող ներկայ քաղաքական իրավիճակը ինչպէս Հոնք Քոնկի եւ Աւստրալիոյ մէջ ուր կայ մեծ մտահոգութիւն Թայուանի եւ Քորէայի մէջ կացութեան գծով։

Քրաքովիոյ մէջ գումարուած համաժողովին իր մասնացկութիւնը բերաւ Մալթայի Աստպետական կարգի աւագ վարդապետ Ժոն Տունլափ. նախատեսուած է որ Ան հանդիպի Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահին, ծերակոյտի եւ խորհրդարանի անդամներու մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար երկրի մէջ Մալթայի ասպետական կարգի մարդասիրական բազմաթիւ գործունէութիւններուն համար։

Կիրակի 17 մարտին, Վաւելի տաճարին մէջ Մալթայի Ասպետական կարգի աւագ Վարդապետը մասնակցեցաւ Սուրբ պատարագին, զոր մատոյց Կարդինալ Սթանիսլայի Տզիվիզին։ Պատարագի աւարտին ծիրանաւորը Մալթայի Ասպետական կարգի Աւագ վարդապետին յանձնեց  Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթիսային Փիցցապալլային նամակը, որուն մէջ Լատիններուն պատրիարքը յոյս կը յայտնէ Կաթողիկէ եկեղցեւոյ կողմէ Կազայի բնակչութեան օգնութիւն հասցնելու համակարգուած գործողութեան համար։

Մալթայի կարգի հիւանդանոցներուն 31-րդ յաջորդ համաժողովը պիտի գումարուի 2025ին Վիեննայի մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2024, 10:33