Որոնել

2020.04.01 Risurrezione, tomba di Gesù risorto

Խաչի Թեւերէն Դէպի Փառքը Հօր Աստուծոյ. Գերյայրգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Քրիստոնեայ հաւատացեալը այն է, որ պարծանքով չի' թմբկահարեր, թէ հաւատքը իրեն պիտի բերէ հրաշագործ լուծումներ, կամ զինք զերծ պիտի պահէ ամէն ցաւէ ու տառապանքէ, այլ այն՝ որ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կը բերէ լոյս մը եւ ստուգութիւն մը, թէ «Աստուած ա'յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ» (Յովհաննէս 3, 16):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Երուսաղէմ կը ննջէ տակաւին:

Արշալոյսի առաջին շողերուն հետ, խումբ մը կիներ՝ երկիւղածութեամբ՝ կ'ուղղուին դէպի Յիսուսի գերեզմանը:

Օրինապահ ամէն հրեայի նման, անոնք շաբաթ օրով տունը մնալէ ետք՝ այգաբացի առաջին պահերուն, Խաչեալին թողած յիշատակներով՝ կը յառաջանան դէպի այն վայրը, ուր զետեղուած էր Յիսուսի մարմինը պատանքուած:

Ի զարմանս այդ իւղաբեր կիներուն՝ Աստուած անոնց կը յայտնէ Իր տարած յաղթանակը մահուան վրայ: Արդարեւ, գերեզմանաքարը թաւալած է ու դամբանը՝ բաց, եւ Աստուծոյ պատգամաբերը՝ լուսաւոր ու պայծառադէմ նստած է այդ հաստահեղոյս դամբանաքարին վրայ: Պատգամաբեր հրեշտակը կիները կը խրախուսէ. «Մի' վախնաք: Գիտեմ՝ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հո'ս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր» Մատթէոս ( 28, 5-6):

Հրեշտակը անոնց կը հաղորդէ աննախադէպ լուրը պատահած Յարութեան, զոր ո'չ ոք տեսած է եւ ո'չ ոք ի վիճակի է զայն նկարագրել: Դատարկ գերեզմանը անհերքելի ու անյեղլի փաստերէն մին է Աստուծոյ ճշմարտախօսութեան: Սակայն, կիները մտատանջող հաւանական կասկածները փարատելու համար՝ հրեշտակը կը յարէ. «Եկէ'ք եւ տեսէ'ք այն տեղը՝ ուր դրուած էր» (Անդ, 28, 6): Ապա, անոնց կը յանձնէ կարեւոր առաքելութիւն մը. «Անմիջապէս գացէ'ք եւ ըսէ'ք իր աշակերտներուն՝ թէ մեռելներէն յարութիւն առաւ: Ահա ձեզմէ առաջ Գալիլեա կ'երթայ եւ հո'ն պիտի տեսնէք զԻնքը» (Անդ, 28, 7):

Նոյնիսկ Յիսուսը առանց տեսնելու՝ Կիները կը հաւատան Անոր յարութեան եւ հաւատքի ոյժով զսպանակուած՝ կ'արտորան լուրը հաղորդելու աշակերտներուն:

Մինչ այն, Յիսուս ուզելով վարձատրել անոնց հաւատքը, յանկարծ, անոնց կը հանդիպի եւ կ'ըսէ. «Ողջո՜յն ձեզի: Կիները կը փարին Անոր ոտքերուն եւ կ'երկրպագեն Անոր» (Անդ, 28, 9): Այն ատեն Յարուցեալը կը կրկնէ հրեշտակին կողմէ անոնց յանձնուած պատգամը. «Մի' վախնաք, գացէ'ք եւ ըսէ'ք իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլեա երթան. հո'ն պիտի տեսնեն զիս» (Անդ, 28, 10):

Շնորհիւ Իր Յարութեան հաւատացող իւղաբեր կիներուն փութաջանութեան, Յիսուս դարձեալ կը կազմէ հասարակութիւն մը սակաւաթիւ ընտրեալներու`զանոնք առաքելու համար, որպէսզի ողջ աշխարհով համարձակաձայն ու անկաշկանդ փոխանցեն՝ մահուան վրայ Իր տարած յաղթանակին փրկաւէտ պատգամը:

Կիները ահով եւ ուրախութեամբ կը հոգեշրջուին եւ կը փութան Յիսուսի աշակերտներուն հաղորդելու Յարութեան աւետիսը: Ահով՝ որովհետեւ իրազեկ եղան Աստուծոյ զօրութեան, իսկ ուրախութեամբ՝ որովհետեւ Յիսուս անձամբ իրենց ըսած էր. «Մի' վախնաք» (Անդ 28, 10):

«Մի' վախնաք»: Ասիկա եղաւ Յարուցեալ Քրիստոսի առաջին խօսքը, զոր ի լուր արար աշխարհի պիտի կրկնէ այս տարի եւս Զատկի տարեդարձին օրը: Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ առիթներ ունինք վախնալու. ամէնուրեք հիւանդեր, կարիքաւորներ, տնազուրկներ կը տառապին, անմեղներ յաճախ կ'առեւանգուին ու երբեմն կը սպաննուին, բնակչութիւններ տեղահան կ'ըլլան. սանձարձակ ատելութիւն եւ կեղծիք կը տիրէ ամէնուրեք: Նոյնիսկ Եկեղեցին, ներքուստ թէ արտաքուստ, անխնայ հարուածներ կը ստանայ:

Զատկի ուրախութեամբ տոգորուելով հանդերձ՝ չենք կրնար մոռնալ այդ բոլոր տխուր իրականութիւնները, ինչպէս որ չենք կրնար մոռնալ, նաեւ, մեր անձնական խեղճութիւնները. այնուհանդերձ, Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ, որ մեր վստահութիւնն Իր վրայ դնենք ու յառաջանանք ա'յն համոզումով, որ տառապանքն ու մահը վերջին խօսքը պիտի չունենան:

Քրիստոնեայ հաւատացեալը այն է, որ պարծանքով չի' թմբկահարեր, թէ հաւատքը իրեն պիտի բերէ հրաշագործ լուծումներ, կամ զինք զերծ պիտի պահէ ամէն ցաւէ ու տառապանքէ, այլ այն՝ որ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կը բերէ լոյս մը եւ ստուգութիւն մը, թէ «Աստուած ա'յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ» (Յովհաննէս 3, 16):

Ու աստուածային այդ Սէրը՝ նուաճումն է մահուան, պտղումը Գողգոթայի Խաչի զոհաբերումին, որ կը ձերբազատէ մարդկային բնութիւնը հողայնութեան կապանքէն, ի տես այդ վիմացած ու թէպէտեւ հաստահեղոյս՝ բայց եւ այնպէս թաւալգլոր դամբանաքարին, որ անառարկելի հաւաստիքն է Քրիստոսի Յարութեան ճշմարտութեան:

Յիրաւի էր գրած 20-րդ դարու մաքրակրօն հայ հոգեւորականը. «Անսխալ ճշմարտութիւն...որ քրիստոնեային նեցուկն է ու զօրավիգը, այս աշխարհի բիւր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն տոկալու: Որովհետեւ օր մը ինք ալ, Յիսուսի նման, լուսաւոր ու յաղթական՝ յարութիւն պիտի առնէ գերեզմանին  ապականութենէն»:

Այլեւս պիտի լռէ եդեմական դրախտէն գալարող աղաղակը. «Ձայնդ լսեցի ու վախցայ» (Գիրք Ծննդոց 3,10):

Այժմ, «Մի' վախնաք», կը պատգամէ Յարուցեալը, որ պարզ քաջալերանքէ մը անդին անզուգական կոչ մըն է միանալու Իրեն՝ Հօր Աստուծոյ փառքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2024, 08:16