Որոնել

Սուրբ Ներսէս ՇՆորհալի Սուրբ Ներսէս ՇՆորհալի 

«Շրջապատուած ենք վկաներու բազմութեամբ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

«Ո՜վ Ս. Ներսէս, ով ճգնաւորներ, սուրբ նահատակներ, մարտիրոսներ եւ միակեացներ, դուք յաղթեցիք Չարին ձեր հաւատքով, ծոմապահութեամբ եւ կեանքի վկայութեամբ, բարեխօսեցէք մեզի համար, որպէսզի մենք ալ կարենանք ձեր օրինակին նման յաղթենք Չարին եւ փառաբանենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին այժմէն մինչեւ յաւիտեան. ամէն»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ամէն անգամ, որ եկեղեցին պահեցողութիւն կը յայտարարէ, ամբողջ դժոխքը իրարանցումի կը մատնուի: Յատկապէս Մեծ Պահոց այս ժամանակաշրջանը Չարին թագաւորութիւնը խաթարող ամենաազդու ազդակն է: «Պահք» բառը սատանային կը յիշեցնէ Տէր Յիսուսի խօսքը, որ կ'ըսէ՝ «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ» ( Մրկ. 9:29): Ան շատ լաւ գիտէ, որ ծոմապահութիւնը կրնայ զինք պարտութեան ենթարկել եւ այդ պատճառով իսկ կը սկսի հաւատացեալներուն միտքերը շփոթի մատնել ըսելով՝ «Չես կրնար պահք պահել», «կարեւոր չէ պահեցողութիւնը», «կարեւորը բերնէն ելած խօսքերն են եւ ոչ թէ բերնէն ներսէն մտնող ուտելիքը». ասոնց նման սուտերով եւ կէս սուտերով ան ամէն միջոց ի գործ կը դնէ, որպէսզի հաւատացեալները ծոմ չպահեն:

Այս շփոթի դիմաց Շնորհալի Հայրապետ Ս. Ներսէս ծոմապահութեան ժամանակաշրջանի ժամերգութեան շարականներու եւ աղօթքներու բառերով, հաւատացեալին դիմաց կը գծագրէ գեղեցիկ պատկեր մը:Ան կը քաջալերէ հաւատացեալները, որպէսզի օգնէ եւ քաջալերէ հաւատացեալները պահք պահեն: Ս. Ներսէս Շնորհալի շարականներու բառերով կը յիշեցնէ հաւատացեալը, որ իրենցմէ առաջ սուրբեր եւ ճգնաւորներ պահեցողութեամբ յաղթեցին Չարին եւ անոնք հիմա իրենց բարեխօսական աղօթքներով քաջալեր են մեզի՝ մարտնչող եկեղեցիին: Միասին խորհրդածենք շարականին հետեւեալ բառերու վրայ՝

Ճգնաւորք Աստուծոյ, եւ ժառանգորդք երկնից արքայութեանն,
որք փոխանակեալք զանցաւորս առիք զանանցն բարութիւնսն.
բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ:

Նահատակք պանծալիք, և սիրեցեալք ի յերկնաւոր Հօրէն,
որք մկրտեցայք ընդ Քրիստոսի արեամբ ձերով ի մահ խաչին.
բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ:

Մարտիրոսք ցանկալիք, և օթեւանք Հոգւոյն ճշմարտութեանն,
որք յաղթեցիք հոգւով կարեաց և ցանկութեան.
բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ:

Գովելիք աշխարհի, և բաղձալիք վերնոցն պետութեանց,
որք երանութեան մասին հասիք քան զամենայն որդիս մարդկան.
բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ:

Կամաւոր պատարագք, մանկունք տիօք և կատարեալք իմաստութեամբ.
որք փոխանակ կաթին` արբիք զգինին զմայլեցուցիչ.
բարեխօսեցէք առ Տէր վասն մանկանց եկեղեցւոյ:

Նկատենք, թէ Ս. Ներսէս ինչպէս կը քաջալերէ հաւատացեալները. կը յիշեցնէ յաղթական եկեղեցւոյ մասին եւ նաեւ, թէ այդ հաւատքի հերոսները մեզ շրջապատած են, մեզի համար աղօթելով: Ս. Ներսէս կը յիշէ սուրբերը եւ անոնց յաղթանակը. ապա անոնց բարեխօսութիւնը կը հայցէ, որ մեզ կը զօրացնէ:
Արդարեւ ըսեմ սիրելիներ, մի վհատիք եւ մի խաբուիք: Մեր նախնիները կրցան յաղթել Չարին «աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ»: Անոնք մեզի հետ են, որպէս օրինակ եւ բարեխօս: Նայինք իրենց եւ ոչ մեր տկար բանութեան: Թող անոնք ըլլան մեր օրինակը, եւ ոչ թէ մեզ շրջապատող մարդիկը:

«Ո՜վ Ս. Ներսէս, ով ճգնաւորներ, սուրբ նահատակներ, մարտիրոսներ եւ միակեացներ, դուք յաղթեցիք Չարին ձեր հաւատքով, ծոմապահութեամբ եւ կեանքի վկայութեամբ, բարեխօսեցէք մեզի համար, որպէսզի մենք ալ կարենանք ձեր օրինակին նման յաղթենք Չարին եւ փառաբանենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին այժմէն մինչեւ յաւիտեան. ամէն»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2024, 08:08