Որոնել

2023.03.11 parabola del giudice iniquo

Ե. Կիրակի Քառասնորդաց Անիրաւ Դատաւորը. Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Մեծ Պահքի մտածականները

Չմոռնանք, թէ ամէնքս կանչուած ենք կատարել Հօր Աստուծոյ սուրբ կամքը. բանալ բոլորին սիրտերը Իր սիրոյն առջեւ:

            Աւետարանի այսօրուայ զոյգ առակներով՝ «Անիրաւ դատաւորն ու այրի կինը», «Փարիսեցին եւ մաքսաւորը» (Ղուկաս 18, 1-14), Յիսուս կը փափաքի պատգամ մը փոխանցել քրիստոնեաներուս եւ բոլոր բարի կամք ունեցողներուն:

            Աստուած միշտ, ուշ կամ կանուխ, կ'անսայ յարատեւութեամբ կատարուած մեր խոնարհ աղօթքին: Պօղոս առաքեալ եւս նոյն հոգիով ներշնչուած՝ կը թելադրէ. «Յոյսով ուրախացէք, նեղութեան համբերեցէք եւ յարատեւ աղօթեցէք» (Հռոմայեցիներուն 12, 12), «Ստէպ աղօթեցէք, արթուն մնալով գոհաբանութեան ընթացքին» (Կողոսացիներուն 4, 2):

            Աստուծոյ անսահման սէրը, այլազան կերպերով կը փութայ անձկութիւններով ընկճուած իր խոնարհ ընտրեալները գօտեպնդելու:

            Մեզի այնպէս կը թուի, թէ կը յապաղի երբեմն ընդառաջելու մեր խնդրանքներուն: Պատճառը... որովհետեւ, մենք հեռատես չենք. մեր աչքին առջեւ կը տեսնենք լոկ ներկան, եւ Թոմաս առաքեալին նման, իրական կը դառնայ սոսկ ինչ որ կարելի է ձեռնել, շօշափել. սակայն Աստուած, «Է»-ն, Տէրը ստեղծագործութեան եւ մարդուն պատմութեան, սիրտերը ներթափանցող, քաջ կը ճանչնայ մեր անցեալը, ներկան ու ապագան, ինչպէս նաեւ՝ մեր զգայնութիւնն ու հակումները, մեր էական կարօտն ու իսկական երջանկութեան պայմանները:

            Աստուած, մեզմէ աւելի, անհամբեր է մեզ երջանիկ տեսնելու. «Ինչպէս որ Հայրը զիս կը ճանչնայ, ե'ս ալ Հայրը կը ճանչնամ. եւ ոչխարներուս համար կեանքս ալ կու տամ» (Յովհաննէս 10, 15). «Ես եմ դուռը, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ պիտի ելլէ ու ճարակ պիտի գտնէ... ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան եւ առատօրէ'ն ունենան» (Անդ, 10, 9-10):

            Քանի' Քանի' անգամ, երբ մեր խնդրանքը կարծէք մերժուած է, կը նեղուինք, կը բողոքենք. երբեմն ալ մեր յարաբերութիւնը կը պաղի Աստուծոյ հետ. եւ սակայն, հետագային կ'անդրադառնանք, թէ այդ՝ անօգուտ էր եւ նոյնիսկ վնասակար՝ մեր երկրաւոր եւ յատկապէս անդենական կեանքին համար:  

            Առակին այրի կինը չունենալով նեցուկ մը ընդդէմ հակառակորդներուն եւ գիտակից իր անկարողութեան, կը դիմէ օրէնքին եւ նա'մանաւանդ դատաւորին, որու ձեռքն է մականը արդարութեան եւ անոր կիրարկումը:

            Դատական ճամբան կրնար պաշտպանել իր դատը. ցաւալին սակայն, որ դատաւորը՝ անսիրտ ու շահամոլ, կը մերժէ խանգարել իր հանգիստ կեանքը: Այնուհանդերձ, այրիին պնդումներուն վրայ, ան դատը կը տեսնէ, որպէսզի «շարունակ չգայ ու 'զինք' չձանձրացնէ» (Ղուկաս 18, 5):

            Նոյնպէս մաքսաւորը, իր ապիկարութեան գիտակից, տաճարին «մէկ կողմ քաշուած, չէր համարձակեր եւ ոչ իսկ աչքերը երկինք բարձրացնել. այլ կուրծքը կը ծեծէր ու կ'ըսէր. 'Աստուա'ծ իմ, քաւէ' զիս մեղաւորս» (Ղուկաս 18, 13):

            Խոնարհաբար ընդունելով իր մեղապարտ վիճակը եւ որդիական վստահութեամբ, ողորմութիւն կը խնդրէ Անկէ, որ ըսած էր. «Ես եկած չեմ արդարները ապաշխարութեան կոչելու, այլ՝ մեղաւորները» (Ղուկաս 5, 32):

            Ինչու՞ կը խաբենք մենք զմեզ: Ինչու՞ մեր խեղճութիւնը կը մոռնանք, եւ անմեղները կը մեղադրենք, կը դատապարտենք ու կ'անտեսենք Քրիստոսի խօսքերը. «Ողորմութի'ւն կ'ուզեմ եւ ո'չ զոհ» (Մատթէոս 12, 7): Յիսուս կը յանդիմանէ իր աշակերտներէն Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, որոնք կը խնդրէին կրակ իջեցնել եւ մեռցնել անոնք՝ որոնք զԻնք մերժած էին. «Դուք չէք գիտեր, թէ ինչ հոգիի կը պատկանիք: Որովհետեւ Մարդու Որդին չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, այլ՝ փրկելու» (Ղուկաս 9, 55-56):

            Ինչու՞ մենք զմեզ եւ ուրիշները չենք ընդունիր, ինչպէս որ Աստուած կ'ընդունի, հաւասարապէս, զմեզ եւ զիրենք: Ի՞նչ տարբերութիւն կայ մեր միջեւ, երբ մին ստացած է Աստուծմէ տասը քանքար, ուրիշ մը՝ հինգ, երրորդ մը՝ մէկ: Իւրաքանչիւրէն պիտի խնդրուի իր ստացած քանքարներուն արգասիքը: Կրնայինք մենք եւս ըլլալ մէկ քանքար ստացողներէն մին՝ կամ միւսը. «Եղբայրը, որ վիճակով համեստ է, թող հպարտանայ իր բարձրացումով, եւ հարուստը՝ իր նուաստացումով, որովհետեւ պիտի անցնի ինչպէս խոտին ծաղիկը» (Յակոբ 1, 9-10):

            Երանի' մեզի, եթէ արձանագրուած ըլլանք Քրիստոսի դպրոցին մէջ, ու գիտակցինք՝ թէ հարկ է սիրով ունայնանալ մերձաւորին համար եւ նուիրուիլ անոր  փրկութեան:  Այս դպրոցին մէջ կը ճանչնանք մենք զմեզ ինչպէս Աստուած մեզ կը ճանչնայ, եւ կը վարուինք իրարու հետ ինչպէս Աստուած կը վարուի բոլորիս հետ, ճշմարտութեամբ եւ ողորմութեամբ:

            Ի հարկէ, յարատեւ աղօթենք ուրախութեամբ ու չձանձրանանք աղօթելէ մեր եւ ուրիշներուն սրբութեան համար: Լոկ հաւատքով, վստահութեամբ եւ յարատեւութեամբ կատարուած աղօթքով, կարող ենք Աստուծոյ կամքը կատարել եւ սատարել, որպէսզի սիրոյ ու արդարութեան Արքայութիւնը հաստատուի ու տարածուի. որովհետեւ Աստուծոյ արդարութիւնը կը տարբերի մարդոց արդարութենէն: Ան կարող է ներշնչել դարերու այրիներուն եւ մաքսաւորներուն յարատեւութիւն իրենց աղօթքին մէջ, եւ անոնց աղօթքին միջոցաւ՝ փափկացնել անիրաւ դատաւորին կարծր սիրտը:

            Չմոռնանք, թէ ամէնքս կանչուած ենք կատարել Հօր Աստուծոյ սուրբ կամքը. բանալ բոլորին սիրտերը Իր սիրոյն առջեւ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 07:17