Որոնել

2021.03.28 Vangelo di domenica

Զ. Կիրակի քառասնորդաց. Գալստեան Կիրակի. Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Մեծ Պահքի մտածականները

Սիրով կատարուած փոքրիկ գործը կը հրապուրէ մեզ շրջապատողները, որպէսզի միասին դառնանք կենդանի վկաներ Աստուծոյ անսահման Սիրոյն:

«Որ զխորհուրդ քո գալստեանդ յառաջագոյն գուշակեցեր...» (Շարական Զ. Կիրակի Քառասնորդաց)

            Փարիսեցիները լսելով՝ որ Յիսուս պանանձեցուց Սադուկեցիները, կ'ուրախանան:

            Իրենցմէ մին, Օրէնքի վարդապետ, կը հարցնէ. «Վարդապե'տ, ո՞րն է Օրէնքի ամենամեծ պատուիրանը» (Մատթէոս 22, 36):

            Վարդապետին պատասխանը կ'ըլլայ հակիրճ, յստակ ու կը ճշտէ «Ամենամեծ» բառը՝ «Մեծ, Առաջին եւ հիմ», 'գլխաւոր եւ կարեւոր' խօսքերով:

            «Սէր»-ն է այդ պատուիրանը՝ իր երկու թեւերով, մին ուղղահայեաց, որ աչքերը կը սեւեռէ Աստուծոյ, եւ երկրորդը՝ հորիզոնական, որ զանոնք կը բեւեռէ մերձաւորին. «Սիրէ' քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ. այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը: Իսկ երկրորդը՝ ասոր նման. Սիրէ' ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22, 37-39): Ան անբաժանելիօրէն կը միազանգէ եղբայրսիրութիւնը՝ Աստուածսիրութեան: 

            Յիսուս, խաչափայտին վրայ, ի'նքը անձամբ ապրեցաւ Սիրոյ այս պատուիրանը. նախ՝ սեւեռելով երկինքը եւ հայցելով Հօր Աստուծոյ ներումը մարդկութեան ապերախտութեան եւ սիրոյ պակասին նկատմամբ. ապա, բազկատարած՝ ի մի համախմբելով մարդիկը սրտին մէջ եւ առաջնորդելով զիրենք Հօր ծոցը, յաւերժօրէն զԻնք սիրելու համար:

            Նոյնպէս, մեր  ուղղահայեաց Սէրը կը ձգտի Աստուծոյ, սկիզբ եւ վախճան մեր գոյութեան եւ երջանկութեան: Որքան մտերիմ ըլլայ եւ ամրանայ մեր ուղղահայեաց Աստուածսիրութիւնն ու դառնայ որդիական, այնքան մեր հորիզոնական Սէրը մարդկութեան կ'ընդհանրանայ, կը բիւրեղանայ եւ մեր միտքն ու սիրտը կը լուսաւորէ՝ մօտենալու համար բոլորին, որպէս հարազատներ Հօր Աստուծոյ:

            Ս. Յովհաննէս Խաչեան կ'ըսէ. «Որքան մէկը սիրէ, նոյնքան ալ կատարեալ կը դառնայ իր սիրածին համար: Ասկէ մեկնելով, այս հոգին, որ արդէն կատարեալ է, ամբողջովին սէր է եւ իր գործերը՝ սէր»:         

            Ս. Օգոստինոսի խոհուն խօսքը «Սիրէ' եւ ուզածդ ըրէ'», կրնայ ընկալողին ծիծաղը գրգռել: Սակայն, սխալ ըմբռնուած, խորիմաստ եւ խօսուն ըլլալէ չի' դադրիր: Մեկնելով Յովհաննէս առաքեալի խօսքը, Ս. Օգոստինոս կը գրէ. «Ով որ չի' սիրեր, Աստուած չի' ճանչնար, որովհետեւ Աստուած սէր է: Ասով երեւցաւ Աստուծոյ սէրը մեզի համար. Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, որպէսզի մենք անով ապրինք» (Ա Յովհաննէս 4, 8-9), ու կը յարէ. «Հայր Աստուած ղրկեց Որդին: Յուդա՝ մատնեց զԻնք: Ի՞նչ է տարբերութիւնը երկուքին միջեւ: Դիտաւորութիւնն է. մինչ Աստուած ղրկեց Քրիստոս մարդոց սիրոյն համար, Յուդա մատնեց դրամի սիրոյն:

            Ս. Օգոստինոս կը շարունակէ. «Գնահատելու համար գործ մը, հարկ է ճանչնալ դիտաւորութիւնը», ու կը մակաբերէ. «Եթէ լռես, սիրոյ, համար լռէ': Եթէ յանդիմանես, սիրոյ համար յանդիմանէ: Եթէ սաստես, սիրոյ համար սաստէ': Եթէ խնայես, սէրէ դրդուած խնայէ'. ըրածիդ արմատը թող ըլլայ Սէրը: Այս արմատէն մի' միայն լաւ բան կրնայ ընձիւղիլ: Սիրէ' եւ ինչ որ կ'ուզես ըրէ'» (Ս. Օգոստինոս, Մեկնութիւն Ա. Յովհաննու 7, 8):

            Երկու պատուիրանները լրացուցիչ են իրարու: Յովհաննէս առաքեալ կը յորդորէ. «Սիրելիներ, սիրենք զիրար, որովհետեւ սէրը Աստուծմէ է, եւ ան, որ կը սիրէ, ծնած է Աստուծմէ, կը ճանչնայ Աստուած» (Ա. Յովհաննէս 4, 7):

            Պօղոս առաքեալ իր կարգին կը խոստովանի. «Արդարեւ, ես՝ Օրէնքով մեռայ Օրէնքին, որպէսզի ապրիմ Աստուծոյ համար: Ես խաչուեցայ Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ես կ'ապրիմ, սակայն ո'չ ես, այլ Քրիստոս կ'ապրի իմ մէջս» (Գաղատացիներուն 2, 19-20), եւ կ'աւելցնէ. «Եթէ ես մարդոց եւ հրեշտակներուն լեզուները խօսէի, եւ եթէ սէր չունիմ, պիտի նմանէի պղինձին, որ կը հնչէ եւ ծնծղաներուն, որ կը ղօղանջեն: ... Սէրը համբերող է, ծառայասէր, սէրը չի' նախանձիր, սէրը ինքնահաւան չէ', ոչ ալ հպարտ, ցուցամոլ չէ', չի' փնտռեր իր շահը, չի' գրգռուիր, չարը չի' խորհիր, չի' հրճուիր անիրաւութեամբ, այլ կ'ուրախանայ ճշմարտութեամբ: Կ'արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը յուսայ ամէն բան, կը համբերէ ամէն բանի» (Ա. Կորնթացիներուն 13, 1-7):

           Սիրով կատարուած փոքրիկ գործը կը հրապուրէ մեզ շրջապատողները, որպէսզի միասին դառնանք կենդանի վկաներ Աստուծոյ անսահման Սիրոյն:

           Աստուած սէր է: Սէրն է, ուրեմն, կեդրոնը քրիստոնեայի կեանքին եւ սիրոյն. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներու խորհուրդին մէջ չի' քալեր, ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի' կենար, եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի' նստիր. հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցերեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ: Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (Սաղմոս 1, 1-3):

           Երանի մեզի, եթէ Ս. Հաղորդութեամբ սնանինք եւ զօրանանք աստուածային կեանքով, զոր պարտինք փոխանցել մեր նմաններուն, որոնք ծարաւի են երկնային յաւերժ երջանկութեան:

           Սէրը գաղջութիւն չի' հանդուրժեր: Միջին ճամբայ չկայ: Կա'մ կը սիրենք, կա'մ ալ՝ կ'ատենք. «Ո'վ որ ինծի հետ չէ' հակառակ է ինծի, ո'վ որ ինծի հետ չի' ժողվեր՝ կը ցրուէ» (Մատթէոս 12, 30):  

           Եւ Քրիստոսի սէրը կարելի չէ երբեք սակարկել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2024, 07:21