Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապը երեք տարի առաջ այցելեց Իրաք. Տակաւին քիչ է Իրաք վերադարձած քրիստոնեաներուն թիւը

Մոսուլի եւ Արքա թեմի Քաղդէացիներուն արքեպիսկոպոս գերապայծառ Միքայէլ Նաժէպի զրոյցը «Վատիկան Նիւզ»ի հետ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած այցելութեան երրորդ տարեդարձի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին 5էն 8 մարտ 2021ին, Իրաք կատարած այցելութեան երրորդ տարեդարձը, ուր Նորին Սրբութիւնը այցելեց Էրպիլ, Ուր Քարաքոշ, Մոսուլ եւ Նատժաֆ քաղաքները եւ հոն ուր քրիստոնեաները թիրախ դարձան ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական գործողութիւններուն։

Սրբազան Հայրը այդ այցելութեամբ փափաքեցաւ իր մօտիկութիւնը փոխանցել քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ինչպէս նաեւ շարունակել, Ալ Թայէպ Աւագ իմամին հետ, «Մարդկային Եղբայրութիւն» փաստաթուղթի ստորագրումէն երկու տարի ետք շարունակել Շիա համայնքի հետ մերձեցումը, որոնք մեծամասնութիւն են Իրաքի մէջ։ Պապին Իրաք կատարած այցելութեան նպատակն է նպաստել խաղաղութեան եւ քաջալերել քրիստոնեաներուն վերադարձը։

Այս գծով «Առաջին պտուղները տեսանելի են» ըսաւ Մոսուլի եւ Արքա թեմի Քաղդէացիներուն արքեպիսկոպոս գերապայծառ Միքայէլ Նաժէպ, «Վատիկան Նիւզ«ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, մատնանշելով որ տակաւին շատ են յաղթահարուելիք խոչընդոտները։

Անդրադառնալով Իրաքցի Քրիստոնեաներուն իրենց քաղաքն ու բնակարանները վերադառնալու մասին Արքեպիսկոպոսը ըսաւ , որ Իրաք վերադարձող քրիստոնեաներուն թիւը տակաւի շատ քիչ է եւ ասոր պատճառը հալածանքներն ու ժողովրդագրական ցնցումներ են։ Ան դիտել տուաւ որ Քահանայապետին այցելութիւնը իսկապէս մխիթարութիւն բերաւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, քաջալերեց քրիստոնեաները իրենց վայրերը մնալու, սակայն ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ամէն ինչ տակաւին չէ հարթուած։ Այսօր դեռ կան շատ մը քրիստոնեայ ընտանիքներ, որոնք կը հեռանան Նինւէ քաղաքէն եւ Քրտիստանէն ինչպէս նաեւ շատ մը ընտանիքներ կը գաղթեն տարբեր իրադարձութիւններուն պատճառով, զինուած խումբերով կազմակերպուած ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն կամ ալ Քարաքոշի մէջ բռնկած հրդեհի պատճառով։

Քաղդէացիներու հոգեւոր առաջնորդը նկատել տուաւ, որ այսօր Իրաքի մէջ ահաբեկումները տակաւին շատ են՝ գործուած զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ, յատուկէն Նինւէի եւ տարբեր քաղաքներուն մէջ ու քրիստոնեաները զոհ կ՝երթան այդ իրադարձութիւններուն «եւ մարդոց մեծամասնութեան տուները տակաւին քանդուած կամ այրուած են։ Անոնք կ՝ըսեն, որ ամէն ինչ կորսնցուցած են եւ պատրաստ չեն նորէն կորսնցնելու եւ այդ ընտանիքները չեն ուզեր սկսիլ վայրի մը մէջ որ դեռ ապահով չէ եւ որուն վրայ նոյնիսկ իշխանութիւնը չի կրնար վերահսկել» ըսաւ Արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2024, 12:09