Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Եկեղեցական Գիտելիքներ Ե. Շաբաթ Քառասնորդաց Դատաւորի շաբաթ (10_17 Մարտ 2024)

Շաբաթ 16 Մարտին տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մուտքին Խոր Վիրապի մէջ: Նոյն Սուրբի երեք տօներուն առաջինն է, որ կը յիշեցնէ մեզի իր չարչարանքներն ու բանտարկութիւնը 13 տարիներ ամբողջ, մութ զնտանի մը մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց հինգերորդ շաբաթը անիրաւ դատաւորի նուիրուած շաբաթն է. Անշուշտ օրինակը որ մեզի կ՛ուզէ տալ Քրիստոս այս առակով դատաւորը չէ, այլ աղքատ այրի կինը, որ չի դադրիր աղօթելէ եւ պաղատելէ որպէսզի իր դատը տեսնուի եւ իր իրաւունքը կարենայ ստանալ։ Որքա՜ն անձեր աշխարհիս վրայ իրաւազրկուած կը մնան, կամ որովհետեւ դատաւորը անարդար է, կամ որովհետեւ հարկ եղած միջոցները չունին իրենք զիրենք յարմարագոյն կերպով պաշտպանելու։ Այսօրուայ առակին մէջ` այս երկու պարագաներն ալ իրարու կը հանդիպին. Սակայն ի վերջոյ այրին իր իրաւունքին տէր կը դառնայ շնորհիւ իր անձանձրոյթ յարատեւութեան։

Առակի վերջաւորութեան` Քրիստոս հարցում մը կ՛ընէ որ տեղին է, մանաւանդ այս օրերուս համար։ Կը հարցնէ. Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ Յիսուս հաւատքի մասին կը խօսի, որովհետեւ աղօթքի միջոցաւ է որ հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի կը հաստատուի։

Ուստի աղօթքը, մանաւանդ յարատեւ աղօթքը, հաւատացեալին մէջ կը յառաջացնէ գիտակից հաւատք մը, որ զինք կը դարձնէ կարող միշտ մօտ ըլլալու Աստուծոյ եւ գործելու անոր սուրբ կամքին համաձայն։

Շաբաթ 16 Մարտին տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մուտքին Խոր Վիրապի մէջ: Նոյն Սուրբի երեք տօներուն առաջինն է, որ կը յիշեցնէ մեզի իր չարչարանքներն ու բանտարկութիւնը 13 տարիներ ամբողջ,  մութ զնտանի մը մէջ: 

Կիրակի 17 Մարտը՝  քառասնորդաց  Զ. Կիրակին, Գալստեան կիրակի է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2024, 07:59