Որոնել

Pope Francis leads a consistory ceremony

«Կազայի մէջ հրադադարը հրատապ է». Կարդինալ Փիցցապալլային կոչը

«Ռումբերու սարսափելի բռնութիւնէն բացի, կայ նաև սովորական կեանքի ճգնաժամը։ Սնունդի, դեղորայքի, ջուրի պակասը։ Օրինակ՝ մեր քրիստոնեաները, կարողութիւն ունին ճաշ եփելու միայն մէկ-երկու անգամ, և ան, պէտք է բաւէ առնուազն մէկ շաբաթ» ըսաւ Ծիրանաւորը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթթիսա Փիցցապալլա Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս սրտաճմլիկ կոչ ուղղեց ի սպաս խաղաղութեան հաստատելով, որ «Կազայի մէջ հրադադարը հրատապ է»։

«Ռումբերու սարսափելի բռնութիւնէն բացի, կայ նաև սովորական կեանքի ճգնաժամը։ Սնունդի, դեղորայքի, ջուրի պակասը։ Օրինակ՝ մեր քրիստոնեաները, կարողութիւն ունին ճաշ եփելու միայն մէկ-երկու անգամ, և ան, պէտք է բաւէ առնուազն մէկ շաբաթ» ըսաւ Ծիրանաւորը։

Ան ապա ցաւ ու կսկիծ արտայայտեց ի տես Կազայի խաղաղ բնակչութեան ապրած ողբերգութեան ու մարդասիրական օգնութիւններու պակասին այս ուղղութեամբ նշելով, որ «անհրաժեշտ է աւելի համադրուած լուծում մը, որպէսզի այդ օգնութիւնները երաշխաւորուին կարգաւոր կերպով»։

Անոր համոզումն է` որ «Կազայի մէջ հրադադարը կարելի է» եւ թէ անիրականալի երազ մը չէ. «Բաւ է զայն ուզենալ...պէտք է, որ կողմերը կամք ցուցաբերեն անոր հասնելու ու փոխզիջումներ կատարելու» շեշտեց Փիցցապալլան ապա նշեց, թէ այս տագնապէն ետքը հարկաւոր է նաեւ գտնել վերջնական ու կայուն լուծում մը, որուն միակ ճանապարհ երկու պետութիւն երկու ժողովուրդ կրնայ ըլլալ, թէեւ այս մէկը դժուար ճանապարհ մը կ՛երեւայ։ Այն ինչ, որ յստակ է այն է, թէ երկու ժողովուրդներուն ալ պէտք է երաշխաւորուի կայունութիւն, եւ ազատութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 08:03