Որոնել

TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Կազայի մէջ մանուկները սովի մատնուած են, իսկ յղի կանայք կը վտանգեն իրենց կեանքը կեանք տալու համար․ Հայր Ֆալթաս

Սուրբ Երկրի Պահակութեան Տեղակալ, Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս, որ այս օրերուն Իտալիա կը գտնուի SIR գործակալութեանը պատմած է Կազայի Հատուածին մէջ ապրող մարդկանց պայմաններու մասին. «Ինչպէ՞ս կարող ենք փակել մեր աչքերը պատերազմի հետեւանքով զոհուած հազարաւոր մանուկներու եւ կանանց վրայ, որբերուն վրայ, զաւակները կորսնցուցած մայրերու ցաւին վրայ, սովի մատնուած բնակչութեան վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Երեկ Կանանց տօնը կը նշէինք, սակայն Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուած են 9000 կին», այս մասին անցեալ 9 Մարտին SIR տեղեկատուական գործակալութեան յայտարարած է Սուրբ Երկրի Պահակութեան Տեղակալ, Հայր Իպրահիմ Ֆալթասը:

Ան այս օրերուն կը գտնուի Իտալիա՝ այցելելու Կազայի Հատուածէն տեղափոխուած հիւանդ մանուկներուն, որոնք Իտալիա ժամանած են Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններու և այլ մարդասիրական ընկերակցութիւններու կողմէ ի գործ դրուած մարդասիրական ուղիներու շնորհիւ և այժմ կը բուժուին Իտալիոյ տարբեր հիւանդանոցներուն մէջ։

Ֆրանչիսկեան Հայրը կը նկարագրէ Կազայի ներկայ զարհուրելի վիճակը, ուր «այլեւս հնարաւոր չէ տարբերակել եւ դասակարգել պատերազմի պատճառած բազմաթիւ չարիքները»։

Մանուկները եւ յղի կիները կը տառապին սովէն եւ թերի սնուցումէն

Չենք կարող անտարբեր մնալ՝ գիտնալով, որ Կազայի մէջ 60 հազար յղի կիներ, որոնք կը տառապէն սովէն եւ թերի սնուցումէն, (․․․) կը վտանգեն իրենց կեանքը կեանք տալու համար, պաշտպանութեան եւ հովանիի իրաւունք ունին»։

Մանուկները կերակուր չունին, կը մեռնին քաղցէն, «Չենք կարող փակել մեր աչքերն ու սրտերը անօթի եւ սարսափած երեխաներուն առջեւ», կը պնդէ Սուրբ Երկրի Պահակութեան Տեղակալը եւ կը շարունակէ, որ պատերազմի փոքրիկ զոհերէն շատերը «իրենց մեծահասակներու պէս կը պահեն՝ օգնելու անոնց, որոնք իրենցմէ օգնութեան աւելի կարիք ունին»։

Ինչպէ՞ս որոշ մեծահասակներ անարդարութիւններ չգործելու անհրաժեշտութիւն չեն զգար

«Երբ կը լսեմ անոնց պատմութիւնները՝ կը ջանամ հասկնալ թէ ինչպէս կարելի է որ որոշ մեծահասակներ կանգ առնելու, օգնելու եւ այլեւս անարդարութիւններ չգործելու կարիք եւ անհրաժեշտութիւն չեն զգար», կը բողոքէ Հայր Ֆալթասը եւ ինքնիրեն հարց կ’ուղղէ, թէ ինչպէս կարելի է մէկու մը վէրքերը բուժել, «որ փլատակներու տակէն փրկուած է, այն ատեն, երբ իր ընտանիքի միւս անդամները իր կողքին մահացած են», կամ «մխիթարել փոքր տարիքի երեխային, որ կը փորձէ մխիթարել իր միւս երեխային կորսնցուցած մօրը»:

Եկէք աղօթենք, որ ճշմարտութեան լոյսը խիղճերու մէջ ներթափանցէ

«Եկէք աղօթենք, որ ճշմարտութեան լոյսը, որ կը յաղթէ կեղծաւորութեանը, խիղճերու մէջ ներթափանցէ: Պաշտպանենք անոնք, որոնք կը տառապին պատերազմի չարիքներէն, ջանալով ըլլալ  ձայնն անոնց, որոնք այլեւս ձայն չունին ճշմարտութիւն, արդարութիւն, խաղաղութիւն խնդրելու համար», եզրափակած է Սուրբ Երկրի Պահակութեան Տեղակալ, Հայր Իպրահիմ Ֆալթասը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2024, 12:02