Որոնել

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները այցելեցին Զմմառու վանքը Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները այցելեցին Զմմառու վանքը 

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները այցելեցին Զմմառու վանքը

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի հաւատացեալները Վանքի դահլիճին մէջ սուրճի շուրջ` մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեանի եւ Վանքի վարչական հայրերուն հետ։ Այնուհետեւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ։Հաւատացեալները հոգեւոր սնունդով լիացած` մեկնեցան Վանքէն։

Կիրակի, 3 Մարտ, առաւօտեան` Զմմառու Մայրվանք հիւրընկալուեցան` Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ` եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ` Գեր. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։
Ժամը 10,30-ին, Զմմառու "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, հայերէնով պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` Զմմառու Վանքի վարչութեան արտաքին մատակարար` Գեր.Պերճ Վրդ. Սապէ, իսկ Դպրեվանքի Սուրբ Յովսէփ մատրան մէջ արաբերէնով պատարագեց եւ քարոզեց` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխտեսուչ Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի հաւատացեալները Վանքի դահլիճին մէջ սուրճի շուրջ` մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Նորատունկեանի եւ Վանքի վարչական հայրերուն հետ։ Այնուհետեւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ։
Ճաշկերոյթէն ետք`ժամը 2-էն 3 Վանական հայրերը` հաւատացեալներուն խոստովանանքները ընդունեցին, որմէ ետք Դպրեվանքի Մատրան մէջ, Մեծաւոր հայրը` հայերէնով հոգեւոր կրթութեան նիւթ ներկայացուց, իսկ Նահատակաց սրահին մէջ` Գեր.Պետրոս Վրդ.Մարաշլեան միեւնոյն նիւթը` արաբերէնով ներկայացուց։
Հոգեւոր կրթութիւնը իր լրումին հասաւ`
Երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ Երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ։
Հաւատացեալները հոգեւոր սնունդով լիացած` մեկնեցան Վանքէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2024, 07:45