Որոնել

2021.11.09 Emiciclo del Consiglio d'Europa a Strasburgo

Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն կոչը պատասխանատու քուէարկութեան մը ի սպաս

Խթանել քրիստոնէական արժէքները և Եւրոպայի Հիմնադիր հայրերուն նախագիծը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տես յառաջիկայ Յունիս ամսուայ ընթացքին Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն, Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնաժողովը կոչ ուղղած է բոլոր եւրոպայի քաղաքացիներուն ու մասնաւորապէս կաթողիկէներուն լաւապէս պատրաստուելու այդ քուէարկութեան ու պատասխանատու կերպով ընտրելու այն թեկնածուները, որոնք կը մարմնաւորեն միացեալ Եւրոպայի Եւրոպական ծրագրի արժէքները ինչպէս տարբերութիւններուն մէջ միութիւնը, ազատութիւնը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը... որոնք ըլլան նաեւ մերձաւորին եւ հասարակաց բարիքին ի սպաս գործողներ։

Նամակ-կոչին մէջ անոնք կը նշեն, թէ ինչպէս Եւրոպայի ծրագիրը ծնունդ առած է անցեալ դարու պատերազմներուն թողած ցաւի, մահերու ու կործանումի ծանր հետեւանքներէն, նպատակ ունենալով երաշխաւորել խաղաղութիւն, ազատութիւն եւ բարօրութիւն։

Եպիսկոպոսները յայտնած են նաեւ, թէ Եւրոպական Միութեան Հիմնադիր հայրերէն շատերը կաթողիկէ էին եւ կը հաւատային իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութեան ու հասարակութեան կարեւորութեան։ «Ուստի կը հաւատանք, որ եւրոպացիներուս համար այդ ծրագիրը, որ սկիզբ առած է 70 տարիներ առաջ պէտք է յառաջ ընթանայ» կը հաստատեն Եւրոպայի Եպիսկոպոսները։

Ծանր եւ անորոշ ժամանակներ

Այսօր Եւրոպայի մէջ կ՛ապրինք ծանր եւ անորոշ ժամանակներ,  պատերազմներ, գաղթականութեան հարցեր, կլիմայական փոփոխութիւնը, աճող թուայնացումը և արհեստական բանականութեան օգտագործումը, Եւրոպայի նոր դերը աշխարհին մէջ, Եւրոմիութեան ընդլայնումը, պայմանագիրերու փոփոխութիւն և այլն... դիտել կու տան Եպիսկոպոսները ու կը հաստատեն` թէ «Եւրոպական արժէքներու լոյսին ներքոյ դիմագրաւելու համար այս մարտահրաւէրները, մենք պէտք ունինք համարձակ քաղաքական գործիչներու, իրաւասու և դրդուած արժէքներով, որոնք իսկապէս կը ձգտին հասարակաց բարիքին»։

«Մեր պարտականութիւնն է կատարել լաւագոյն ընտրութիւնը» ընդգծած են Եւրոպայի Եպիսկոպոսները, հրաւիրելով այս ուղղութեամբ զատորոշում կատարելու եւ ընտրելու անձեր` որոնք կը համապատասխանեն եւ կը հաւատան Եւրոպական հիմնական արժէքներուն, ինչպիք են մարդուն արժանապատուութեան յարգանքն ու անոր խթանումը, զօրակցութիւնը, հաւասարութիւնը, ընտանիքը եւ կեանքին սրբութիւնը....

«Մենք կոչուած ենք սատարելու օրէնսդրութիւնը բարելաւելու գործին մէջ» նշուած է Եպիսկոպոսներուն հրատարակած նամակ-կոչին մէջ, ուր անոնք կ՛ակնարկեն յատկապէս երիտասարդներուն ու կը քաջալերեն զանոնք իրենց քուէարկելու պարտականութենէն չխուսափելու ու որպէս կաթողիկէ երիտասարդներ ներգրաւուելու նաեւ քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, համարժէքօրէն պատրաստուելով ըլլայ մտաւոր, ըլլայ բարոյական գետնի վրայ, նպաստելու համար հասարակաց բարիքին, հասարակութեան ծառայելու ոգիով»։

«Յանձնառու ըլլանք եւրոպական նախագիծին, որ մեր ապագան է ՝ եւ այս ընենք պատասխանատուութեամբ քուէարկելով յաջորդ ընտրութիւններու ժամանակ», կը գրեն Եպիսկոպոսները իրենց նամակ-կոչի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 11:01