Որոնել

Պուլկարիոյ օրթոտոքներուն Նէոֆիլ պատրիարքը Պուլկարիոյ օրթոտոքներուն Նէոֆիլ պատրիարքը 

Ոչ եւս է Պուլկարիոյ մէջ օրթոտոքսներու Նէոֆիթ Պատրիարքը

Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ սինոդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կադանք, որ Նորին Սրբութիւնը Նէոֆիթ պատրիարքը երկար ժամանակ հիւանդութեան պատճառաւ, 13 մարտ 2024-ին երեկոյեան ժամը 10.22ին, վախճանած է Սոֆիայի ռազմական բժշկական ակադեմիայի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 13 մարտին, Իր մահկանացուն կնքեց Պուլկարիոյ մէջ օրթոտոքսներու, գերերջանիկ Նորին Սրբութիւնը Նէոֆիթ պատրիարքը, երկար ժամանակ հիւանդութեան պատճառաւ տառապելէ ետք։

Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ սինոդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Նորին Սրբութիւն Նէոֆիթ Պատրիարքը երկար ժամանակ հիւանդութեան պատճառաւ տառապելէ ետք  13 մարտ 2024-ին երեկոյեան ժամը 10.22ին, վախճանած է Սոֆիայի  ռազմական բժշկական ակադեմիայի մէջ։

Համեստ ծագում եւ երգելու կիրքը։

Սուրբ Սինոդի հրապարակած հաղորդագրութենէն կ՝իմանանք, որ Նէոֆիթ Պատրիարք ընտրուած է անցեալ 25 Փետրուարին 2013ին։ Ան դարձած է Պուլկարիոյ երրորդ պատրիարքը։ Ծնած է համեստ եւ հաւատացեալ ընտանիքի յարկին տակ ու մկրտութեան անուն է Սէմէոն Տիմիթրովը։ 14 տարեկանին մտած է Սոֆիայի նորընծայարան։ Նէոֆիթ պատրիարքը  եղած է երաժշտասէր եւ 30 տարեկանին կատարած է իր կրօնական ուխտերը անուանակոչուելով Նէոֆիթ։

Տարիներու ընթացքին Նէոֆիթը ծառայած է, որպէս Սոֆիայի մէջ քահանաներուն երգչախումբի տնօրէն եւ Սուրբ Սինոդի գլխաւոր քարտուղար, աստուածաբանական համասպրանի տեսուչ։ 1994ին, ընտրուած է Տորոսթոլի եւ Չերվենի մետրոպոլիթ ապա Մաքսիմ պատրիարքին մահէն ետք, 10 նոյեմբեր 2012ին, գաղտնի քուէարկութեան ընթացքին  մէկ ձայնով ընտրուած է Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ փոխ նախագահ։ Ապա չորս ամիս ետք,  25 փետրուար, 2013ին, ընտրուած է օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք 90 ձայներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 11:10